Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը հրապարակեց 2025-2026 տարեշրջանի Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի («Էֆ. Էյ. Քափ») կիսաւարտականի փուլի վիճակաձգութեան արդիւնքները:
Աւարտական տոմսին համար պիտի պայքարին Լոնտոնի Չելսին ընդդէմ Լիծ Եունայթըտի, իսկ Մանչեսթըր Սիթի պիտի մրցի Սաութհեմփթընի դէմ:
Մրցաշարքի այս հանգրուանի ելոյթները տեղի պիտի ունենան 25 եւ 26 ապրիլին:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականին Մանչեսթըր Սիթի 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լիվըրփուլը, Չելսի ջախջախիչ արդիւնքով յաղթած էր Փորթ Վէյլին (7-0), Սաութհեմփթըն դուրս ձգած էր Արսենալը (2-1), մինչ Լիծ Եունայթըտ փենալթիներու պէտք ունեցած էր դուրս ձգելու Ուեսթ Համը: Մրցումը աւարտած էր 2-2 արդիւնքով, որմէ ետք Լիծ 4-2 փենալթիներու արդիւնքով յաղթած էր:
Բաժակի այս մրցաշարքին ամէնէն աւելի տիտղոսներ շահած է Լոնտոնի Արսենալը, որ 14 անգամ տիրացած է անոր: Բ. դիրքի վրայ կը գտնուի Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ 13 անգամ շահած է, մինչ 8 անգամ շահած են Լիվըրփուլ, Թոթենհամ եւ Չելսի:
Աղջկանց բաժակի մրցումներու կիսաւարտական հանգրուան հասած են Մանչեսթըր Սիթի եւ Չելսի, որոնք սակայն իրար դէմ պիտի մրցին, մինչ միւս կիսաւարտականին Լիվըրփուլ պիտի մրցի Պրայթընի դէմ:
Տղոց նման, Արսենալի աղջկանց խումբը 14 անգամ շահած է այս մրցաշարքի տիտղոսը, մինչ Սաութհեմփթըն 8 անգամ շահելով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: