Փորթուգացի ֆութպոլի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2023-ի յունուարին միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբին` նոր էջ մը բանալով սէուտական ֆութպոլի պատմութեան մէջ, անկէ ետք բազմաթիւ աստղեր միացան այդ երկրի ախոյեանութեան:
Շաբաթավերջին, Ռոնալտօ 2 մրցումներէ բացակայելէ ետք վիրաւոր ըլլալով, ունեցաւ իր 100-րդ ելոյթը Նասրի հետ: Ան նշանակեց երկու կոլեր` իր 96-րդը եւ 97-րդը «դեղին»-ներուն հետ, այսպիսով ան նշանակած եղաւ իր ասպարէզի 967-րդ կոլը:
Ռոնալտօ, որ տակաւին 33 կոլերու պէտք ունի հասնելու հազար թիւին, 41 տարեկան է եւ շատ հաւանաբար մասնակցի իր վերջին Մոնտիալին այս ամրան: Աւելի՛ն, անոր երազն է նաեւ Նասրի հետ շահիլ ախոյեանութիւնը` տիտղոս մը եւս աւելցնելու իր մրցանակներու պահարանին մէջ:
Արդարեւ, 5-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նըժմէին, Նասր 5 կէտերու առաւելութիւն ունի սէուտական արհեստավարժ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ` Հիլալի եւ Ահլիի վրայ, աւարտէն 7 հանգրուան առաջ:
Նասր տակաւին Հիլալի եւ Ահլիի դէմ ունի երկու դժուար մրցումներ, որոնք կրնան վճռել ախոյեանութիւնը: