Միրչէա Լուչեսքու Լքեց Ռումանիան Եւ Մահացաւ

Ռումանիոյ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն փայլուն անուններէն Միրչէա Լուչեսքու լքեց ազգային խումբի իր պաշտօնը եւ… մահացաւ երեքշաբթի օր:

80 տարեկան մասնագէտը ձախողելէ ետք Ռումանիոյ ազգային խումբը առաջնորդել մոնտիալին, լքեց իր պաշտօնը:

Լուչեսքու կիրակի օր հիւանդանոց փոխադրուեցաւ` անհանգստանալէ ետք փորձի պահուն:

Ռումանիոյ պատմական ֆութպոլիստը հաւաքականի խմբապետն էր 1970-ի Մոնտիալին եւ մարզիչը` 1984-ի Եուրոյին:

Լուչեսքու, որ 1981-էն 1986 մարզած էր Ռումանիոյ ազգային խումբը, 2024-ին վերադարձած էր ազգային խումբ` անգամ մը եւս Մոնտիալին հասնելու յոյսով:

Իբրեւ մարզիկ ան 7 անգամ շահած էր Ռումանիոյ ախոյեանութիւնը` Տինամօ Պուքրեշի հետ 1964-էն 1990-ի միջեւ: Իբրեւ մարզիչ ան 1990-ին շահած է նաեւ 1989-1990 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, ապա մեկնած Իտալիա, ուր յաջողած է Պրեշիան բարձրացնել Ա. դասակարգ` շահելէ ետք 1991-1992 տարեշրջանի «Սերի Պէ.»-ն:

Ան կրցած է նաեւ Ռափիտ Պուքրեշի հետ շահիլ Ռումանիոյ ախոյեանութիւնը 1998-1999 տարեշրջանին, Թուրքիոյ ախոյեանութիւնը Կալաթասարայի հետ 2001-2002 տարեշրջանին, ինչպէս նաեւ շահեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակը:

Տարի մը ետք ան շահեցաւ նոյն տիտղոսը` Պեշիքթաշի հետ, որմէ ետք ան միացաւ Շախթիոր Տոնեցքին, որուն հետ 7 ախոյեանութեան տիտղոսներ շահեցաւ, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը 2008-2009 տարեշրջանին:

Ան Տինամօ Քիեւի հետ ալ շահեցաւ 2020-2021 տարեշրջանի տիտղոսը եւ 5 անգամ ընտրուեցաւ լաւագոյն ռումանացի մարզիչ (2004, 2010, 2014 եւ 2021):

Ան ընդհանուր մրցանակներու հաշիւով 38 տիտղոսներ շահելով դարձաւ պատմութեան 3-րդ առաւելագոյն տիտղոսներ շահող մարզիչը: Միայն Ալեքս Ֆերկըսըն եւ Փեփ Կուարտիոլա աւելի տիտղոսներ շահած են:

 

Leave a Comment