Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց լիբանանեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներուն:
Այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին ներկայացնել էր կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիր-ուղեգիծ մը` Լիբանանը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական կացութենէն դուրս բերող ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող: Պասիլ լայնօրէն անդրադարձաւ յիշեալ ծրագիր-ուղեգիծին մէջ նշուած կէտերուն:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց կուսակցութեան պատրաստած ուղեգիծը եւ Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու նկատմամբ անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը: Ապա, հայրապետը, իր կարգին, իր տեսակէտները պարզեց պատրաստուած ուղեգիծին մէջ արծարծուած նիւթերուն շուրջ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր կերպով անդրադարձ կատարելու տարածաշրջանը յուզող հարցերուն, յատկապէս ամբողջ Միջին Արեւելքը ներառող պատերազմին եւ անոր ունեցած հետեւանքներուն, մասնաւորաբար Լիբանանին վրայ: