Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի մասին որոշումը, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կայացուած կարեւորագոյն որոշումը` դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները: Մենք նաեւ բարձր կը գնահատենք միջնորդական ջանքերը, որոնց շարքին Փաքիստանի ջանքերը, եւ համոզուած ենք, որ դիւանագիտութիւնը պէտք է գերակշռէ բոլոր չլուծուած հարցերը կարգաւորելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու համար», «Էքս»-ի իր էջին մէջ գրած է Փաշինեան: