Ճիւտօ. Հայաստան 5 Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, 16-էն 19 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ ճիւտոյի 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի 5 մարզիկներով. ան նախապէս կը մասնակցէր առաւելագոյնը 3 մարզիկներով, մինչ 2023-ին մասնակից ալ չունէր:

60 քկ կշիռի մրցումներուն Աշիկ Անդրէեան եւ Վահէ Աղասեան պիտի ներկայացնեն Հայաստանը, Դաւիթ Աբրահամեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան (73 քկ) եւ Գոռ Կարապետեան (100 քկ) իրենց կարգին պիտի ներկայացնեն Հայաստանը:

Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի ազգային խումբը կը նկատուի Եւրոպայի ախոյեանութեան ամէնէն երիտասարդը, որովհետեւ մարզիկներու տարիքը 20-էն 23 տարեկան է:

Աշիկ Ադրէեան (22 տարեկան), Վահէ Աղասեան (20 տարեկան), Դաւիթ Աբրահամեան (23 տարեկան), Արտակ Թորոսեան (21 տարեկան) եւ Գոռ Կարապետեան (20 տարեկան) պիտի փորձեն անակնկալ ստեղծել եւ մետալներ շահիլ: Հակառակ անոր որ Հայաստանի մարզիկները մետալներու հիմնական թեկնածու չեն նկատուիր, բայց կը սպասուին անակնկալներ, որովհետեւ Աղասեան եւ Կարապետեան երիտասարդներու մրցաշարքերու մետալներ շահած մարզիկներ են: Մինչեւ 2028-ի Ողիմպիական խաղերը անոնք կրնան զգալիօրէն բարելաւել իրենց դիրքերը եւ պայքարիլ Ողիմպիական խաղերու տոմսերուն համար:

 

Leave a Comment