
2026 թուականի յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Երեսփոխանական գրասենեակ տարբեր հարցերով դիմում կատարած են 761 պարագաներ, որոնցմէ 726 պարագայի դիմումներուն ընդառաջում կատարուած է:
Այս ընդհանուր թիւին 578 դիմումին եղած են նիւթական յատկացումներ ընկերային, կենցաղային, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային կարիքներու համար: 578 պարագայի յատկացուած է 6.829.000.000 լ. ո. (վեց միլիառ ութը հարիւր քսանինը միլիոն լիբանանեան ոսկի):
Իսկ 148 պարագայի կապակցութեամբ պետական, կրթական, ընկերային, դրամատնային ոլորտներու մէջ կատարուած են համապատասխան միջամտութիւններ` հարցերու բարւոք լուծման համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ