Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներու խորապատկերին վրայ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ:
Անոնք քննարկած են երկկողմանի օրակարգին, միջխորհրդարանական կապերուն վերաբերող հարցեր: