Դեկտեմբերի սկիզբէն ի վեր Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ 5-րդ անգամ ըլլալով պիտի մրցին իրար դէմ այսօր` «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականին գծով:
Տակաւին քանի մը օր առաջ, Մատրիտի մէջ Պարսելոնա կրցաւ յաղթել եւ 7 կէտով հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն` «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին մէջ, երկու վերջին ճակատումներուն Աթլեթիքօ Մատրիտ կրցած էր դուրս ձգել Պարսելոնան 2013-2014 եւ 2015-2016 տարեշրջաններու քառորդ աւարտականին: Հակառակ այս թիւերուն, Պարսելոնա իր վերջին 13 ճակատումներուն 10-ն կրցած է յաղթել` կրելով միայն 2 պարտութիւն, եւ «Քամփ Նու»-ի մէջ Պարսելոնա չէ պարտուած վերջին 25 ճակատումներուն… վերջին անգամ` 2006 փետրուարին:
Կը սպասուի, որ երկու խումբերն ալ կոլ նշանակեն, բայց թէ ո՛վ կը յաղթէ այսօր, մրցումի սկիզբէն 90, վայրկեան ետք կրնանք գիտնալ:
Օրուան երկրորդ ելոյթին, անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլը:
Իրականութեան մէջ, երկու խումբերն ալ լաւ վիճակի մէջ չեն, բայց ֆրանսական ակումբը համեմատաբար աւելի լաւ կը թուի ըլլալ, քան Լիվըրփուլը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կայուն ելոյթ ունեցած չէ այս տարեշրջանին:
Փարիզ Սեն Ժերմեն «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ ինքզինք հաստատեց` իր վերջին մրցումին յաղթելէ ետք Թուլուզին, 4 կէտով հեռանալով Լանսէն:
Լիվըրփուլ, որ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 5-րդ դիրքը կը գրաւէ, շաբաթավերջին դուրս մնացած էր` ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Մանչեսթըր Սիթիէն (4-0):
Մոհամետ Սալահ, որ տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ Լիվըրփուլը, բնաւ լաւ օրերու մէջ չի գտնուիր, մինչ պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն վիրաւոր ըլլալով պիտի բացակայի:
Փարիզ Սեն Ժերմենէն պիտի բացակայի Պրատլի Պարքոլա, բայց վստահաբար ֆրանսական խումբը աւելի զօրաւոր դիրքի վրայ կը գտնուի:
Ինչպէս կ՛ըսեն, միշտ լաւ կամ զօրաւոր խումբը չէ, որ կը յաղթէ: Նայինք այս գիշեր որո՞ւ բախտը պիտի ժպտի: