2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումները երկու տարիէ ի վեր տեղի կ՛ունենային, ուր առաջին ազգային խումբը, որ ապահոված էր իր տոմսը, եղած էր Ճափոնը, որ 20 մարտ 2025-էն իսկ ապահոված էր իր դիրքը եւ 1 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Իրաք դարձաւ 48-րդ եւ վերջին խումբը, որ հասաւ Մոնտիալին:
Մեծաթիւ խումբեր պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի եւ Քանատայի հիւրընկալելիք Մոնտիալին, ուր նոր խումբեր առիթ ունեցան Մոնտիալին ելոյթ ունենալու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Քափէ Վերտէ, Քուրասաօ, Յորդանան եւ Ուզպեքիստան առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին, մինչ Քոնկօ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի 1974-էն ի վեր, երբ օրին Զայիր կը կոչուէր երկիրը:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ Քոնկոյի ազգային խումբին մաս կը կազմէ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի Նոա ակումբի բերդապահ Թիմոթի Ֆայուլու` դառնալով Հայաստանէն առաջին Մոնտիալի մասնակցող մարզիկը:
Շուէտի պատմութիւնն ալ հետաքրքրական էր, մանաւանդ որ Շուէտ զտումի իր խմբակի վերջին դիրքը գրաւած էր, բայց որովհետեւ Ազգերու լիկայի մրցաշարքին իր արդիւնքները լաւ էին, անոր հրաւէր ուղղուած էր փլէյ-օֆի մրցումներու մասնակցելու, ուր կը խաղային մեծ մասամբ զտումի խմբակներու3-րդ դիրքը գրաւող խումբեր:
Բացակայ երկիրներու ցանկն ալ երկար է եւ կը գլխաւորէ 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Իտալիան, որ 3-րդ յաջորդական Մոնտիալիէն պիտի բացակայի:
Պիտի բացակային նաեւ Նիկերիա, Դանիա, Լեհաստան, Քամերուն, Չիլի, Ռուսիա, մինչ վերջին կարեւոր մրցաշարքերուն ներկայ եղած երկիրներ Սերպիա, Հունգարիա, Սլովենիա եւ Վրաստան իրենց կարգին պիտի բացակային:
Ստորեւ կը ներկայացնենք բոլոր 48 երկիրները իրենց 12 խմբակներով.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Մեքսիքա, Հարաւային Քորէա, Հարաւային Ափրիկէ, Չեխիա
Բ. ԽՄԲԱԿ
Քանատա, Զուիցերիա, Քաթար, Պոսնիա
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պրազիլ, Մարոք, Սկովտիա, Հայիթի
Դ. ԽՄԲԱԿ
Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Փարակուէյ, Թուրքիա
Ե. ԽՄԲԱԿ
Գերմանիա, Էքուատոր, Փղոսկրեայ Ափունք, Քուրասաօ
Զ. ԽՄԲԱԿ
Նետերլանտներ, Ճափոն, Թունուզ, Շուէտ
Է. ԽՄԲԱԿ
Պելճիքա, Իրան, Եգիպտոս, Նոր Զելանտա
Ը. ԽՄԲԱԿ
Սպանիա, Ուրուկուէյ, Սէուտական Արաբիա, Քափէ Վերտէ
Թ. ԽՄԲԱԿ
Ֆրանսա, Սենեկալ, Նորվեկիա, Իրաք
Ժ. ԽՄԲԱԿ
Արժանթին, Աւստրիա, Ալճերիա, Յորդանան
ԺԱ. ԽՄԲԱԿ
Փորթուգալ, Քոլոմպիա, Ուզպեքիստան, Քոնկօ
ԺԲ. ԽՄԲԱԿ
Անգլիա, Խրուաթիա, Փանամա, Կանա
Նշենք, որ Մոնտիալը կը սկսի 11 յունիսին, իսկ կ՛աւարտի 19 յուլիսին: