Ապրիլ ամսուն հայկական մարզական կեանքի համակիրներուն համար բազմաթիւ հետաքրքրական իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Անոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ խառն մարտարուեստներու («Էմ. Էմ. Էյ.») «Էյ. Սի. Էյ. 202» մրցաշարքը` Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ:
Գլխաւոր մենամարտին հանդէս պիտի գայ հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աստղերէն մէկը` Էդուարդ Վարդանեան (27-4): Վերջերս ան կը բնակի Հայաստան եւ կը մարզուի «Լիովի սերտ» մարտարուեստներու ակադեմիայի նոր մարզասրահին մէջ, ուր ան խումբի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն է:
«Էյ. Սի. Էյ. 202» մրցաշարքին Վարդանեան պիտի վերադառնայ, ուր նախապէս ան դարձած էր թեթեւ կշիռի կրան փրիի ախոյեան:
Սակայն այս անգամ ան պիտի մասնակցի կիսամիջին կշիռի կարգին մէջ: Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ լիկայի լաւագոյն մարզիկներէն եւ «Էյ. Սի. Էյ.»-ի կիսամիջին կշիռի թիւ 3 դասուած մարտիկ Ուզայր Ապտուրաքովը (20-2):
Իր վերջին մենամարտին, ան ախոյեանի գօտիին համար կը մրցէր Ժաքշըլիկ Միրզպեքովի դէմ, սակայն պարտուած էր խեղդող հնարքով: Մինչ այդ մրցումը, Ապտուրաքով ունէր 7 յաջորդական յաղթանակ:
Վարդանեան – Ապտուրաքով ճակատումը մեծ հետաքրքրութիւն ձեռք ձգած է, եւ յաղթականը պիտի ըլլայ ախոյեանութեան տիտղոսին համար մրցելու գլխաւոր թեկնածու:
Նախնական յայտագիրին վրայ նշուած են երկու այլ մենամարտներ, ուր հանդէս պիտի գան Հայաստանի ներկայացուցիչներ:
Այգ Ղազարեան (17-5) պիտի մրցի Տոմաշ Դեկի (24-14) դէմ` ամէնէն թեթեւ կշիռի կարգին մէջ:
Ղազարեան կարճ ժամանակէն ընդունած է այս մենամարտը, մանաւանդ որ Տոմաշ Դեկ պիտի մրցէր Պավել Վիտրուկի դէմ, բայց վերջինս վերջին վայրկեանին հրաժարած էր այս մրցումին մասնակցելէ:
Ղազարեան իր վերջին երեք մրցումները յաղթանակով աւարտած է եւ կը գրաւէ «Էյ. Սի. Էյ.»-ի դասաւորման 11-րդ դիրքը: Անոր մրցակիցը 9-րդ դասուած մարզիկն է, ուստի յաղթանակ մը պիտի բարելաւէ Ղազարեանի դասաւորումը:
35 տարեկան Սլովաք Տոմաշ «Էյ. Սի. Էյ.»-ի լիկային մէջ կատարած է 8 մրցում եւ յաղթած 4 ելոյթներ:
Գեղամ Մանավազեան կիսաթեթեւ կշիռի մրցումներու գծով պիտի մրցի Մահմուտ Աքիմովի դէմ:
33 տարեկան Մանավազեան (7-3) «Էյ. Սի. Էյ.»-ի լիկային մէջ 3 ելոյթներ ունեցած է` պարտուելով իր վերջին ելոյթին, ո՛ւր խեղդող հնարքով պարտուած էր Ռաճապ Ռամազանովէն: Ուստի հիմա առիթ է բարելաւելու իր դիրքը Աքիմովի դէմ (9-1): Սակայն Աքիմով դիւրին մրցակից մը չէ, եւ ան նախապէս ունեցած է 10 ելոյթ` յաղթելով 9-ին, որոնց 7-ն նաք աութով, իսկ 2-ը` սապմիշընով: Աքիմով կը նկատուի զօրաւոր հարուածներու տէր եւ ունի բռնցքամարտի փորձառութիւն: