Ամառնային փոխանցումներու շուկան կը մօտենայ եւ ակումբները այժմէն իսկ ծրագիրներ կը մշակեն: Պայերն Միւնիխ լրջօրէն կը հետեւի Մանչեսթըր Սիթիի յարձակող միջնապահ Ֆիլ Ֆոտենի շուրջ ստեղծուած վիճակին:
Ըստ «Թիմ-թոք» կայքին, անգլիացի ֆութպոլիստին խաղաոճը շատ կը յարմարի Միւնիխի գլխաւոր մարզիչ Վենսան Քոմփանիի:
Նոյն պահուն, Սիթի բարձր կը գնահատէ իր սանը եւ կը ցանկայ երկարաձգել անոր պայմանագիրը: Ազգային խումբերու մրցումներուն դադարի ընթացքին, Սիթի բանակցութիւններ կատարեց Ֆոտենի հետ եւ լաւատես է, որ մարզիկը երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը:
Ֆոտեն 26 տարեկանը պիտի բոլորէ քանի մը ամիսէն: Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-2027 տարեշրջանի աւարտին: Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ» կայքին, անոր փոխանցան արժէքը կը գնահատուի 80 միլիոն եւրոյով: