Փութին. «Ռուսիոյ Փափաքն Է, Որ Հայաստանի Մէջ Գործող Բոլոր Քաղաքական Ուժերը Մասնակցին Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն»

1 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային տարբեր նիւթերուն, որոնք կը վերաբերին երկու երկիրներուն:

Հանդիպումէն առաջ Փութին յայտնեց, թէ Ռուսիոյ փափաքն է, որ Հայաստանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերը մասնակցին յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն.

«Մոսկուան բազմաթիւ ընկերներ ունի գործարար շրջանակներու մէջ: Անոնցմէ քանի մը հատը ունին Ռուսիոյ անձնագիր, գիտեմ` կը գտնուին անազատութեան մէջ: Ի հարկէ, ատիկա ձեր որոշումն է, բայց կը փափաքէինք, որ անոնք բոլորը կարենան մասնակցիլ ներքաղաքական գործընթացներուն», ըսաւ ան: «Ինչպէս ալ աւարտին Հայաստանի ընտրութիւնները, մենք պիտի շարունակենք տրամադրուած ըլլալ յարաբերութիւններու կառուցման», ըսաւ ան:

Փաշինեան պատասխանեց. «Ուզում եմ ընդգծել, որ մեզ մօտ ընտրութիւններին կարող են մասնակցել միայն անձինք, ովքեր բացառապէս Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեն»:

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման` Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ այս հարցին շուրջ Հայաստանի մէջ ընթացող բանավէճը Մոսկուայի մէջ հանգիստ կ՛ընկալեն, սակայն անկարելի է «ԵԱՏՄ-ին եւ Եւրոպական Միութեան միաժամանակեայ անդամակցութիւնը»:  Ան յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ապագային կը համագործակցին:

«Մենք հասկանում ենք, որ ԵՄ եւ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնը համատեղելի չէ: Առայժմ ինչպիսի օրակարգ կայ, բաւարարում է եւ համատեղելի է», արձագանգեց Փաշինեան` աւելցնելով, որ երբ հասնի պահը, որ այլեւս չհամատեղուին, այն ատեն Հայաստանի ժողովուրդը իր որոշումը պիտի կայացնէ: «Անշուշտ, դա պէտք չէ վնասի հայ-ռուսական յարաբերութիւններին»:

Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան շարժումը պէտք չէ շարունակուի. «Ես արդէն հրապարակաւ յայտարարել եմ Հայաստանում, որ մենք պէտք չէ շարունակենք Ղարաբաղեան շարժումը, քանի որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ճանաչել են միմեանց ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը Ալմա Աթայի հռչակագրի շրջանակներում: Երեւանը ճանաչել է Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմում, բայց դա արել է այն բանից յետոյ, երբ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը երկու անգամ հրապարակաւ խօսել է այդ մասին»:

Փութին դիտել տուաւ, որ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը տակաւին զգայուն նիւթ է. «Ի հարկէ, ցարդ ամէնէն զգայուն թեման` մենք այդ մէկը կը հասկնանք, յաճախ կը քննարկենք այդ եւ այն, ինչ որ կապուած է Ղարաբաղի հետ»: Ան նշեց, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է գտնեն հետագայ ուղիներ` ամրապնդելու իրենց յարաբերութիւնները` հակամարտութիւնը լուծելու համար: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աշխուժ կերպով ներգրաւուած է յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:

Ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաստատուած է խաղաղութիւն, որ երկարատեւ աշխատանքի եւ բազմաթիւ միջազգային խաղացողներու մասնակցութեան արդիւնք է: «Ինչպէս արդէն ասացի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն է հաստատուել: Դուք յիշատակեցիք նախագահ Թրամփի անունը: Ակնյայտ է, որ նա իր ներդրումն է ունեցել այս գործընթացում», ըսաւ ան:

Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց Ռուսիոյ առանցքային դերը յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ: «Սակայն ակնյայտ է, որ դուք անձամբ խաղացել եւ շարունակում էք խաղալ կարեւոր, շատ կարեւոր դեր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործում: Դուք միշտ աջակցել էք այդ բոլոր գործընթացներին, եւ մենք միշտ սերտ կապի մէջ ենք եղել: Ես միշտ պարբերաբար տեղեկացրել եմ ձեզ` ինչ գործընթացներ են ընթանում»:

Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ 2022-ին ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի կատարած դիմումին եւ անոր կողմէ արձագանգի բացակայութեան. «Մեքանիզմները չաշխատեցին եւ իրավիճակը յանգեց նրան, ինչ ունենք: Մենք այժմ չենք մասնակցում ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներին: Չենք մասնակցում, որովհետեւ մեր ժողովրդին մինչեւ այսօր չենք կարողանում պատասխան տալ, թէ ինչու ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմները չաշխատեցին», նշեց ան:  Վարչապետը ընդգծեց, որ հայկական կողմը բազմիցս բարձրացուցած է այդ հարցը եւ չի ծածկեր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները: «Եւ յիշում էք, մենք բազմիցս խօսել ենք այս մասին: Եւ մենք երբեք չենք թաքցրել նաեւ մեր խնդիրները ՀԱՊԿ-ի հետ, քանի որ 2022 թուականին մենք ունէինք յստակ իրավիճակ: Եւ, իմ կարծիքով, ՀԱՊԿ մեքանիզմները պէտք է աշխատէին, սակայն չաշխատեցին», ըսաւ Փաշինեան` աւելցնելով, որ կազմակերպութեան արձագանգի բացակայութիւնն է, որ ստեղծեց այսօրուան վիճակը:

Ռուսիոյ նախագահը արձագանգեց ու ըսաւ, որ Փրակայի մէջ 2022-ին Հայաստանի ղեկավարութեան կատարած յայտարարութիւններէն ետք ՀԱՊԿ-ն չէր կրնար միջամտել Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

«Կը կարծեմ` նոյնքան ակնյայտ է, որ 2022-ին Փրակայի մէջ ձեր կողմէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալէ ետք ՀԱՊԿ-ին համար բացարձակապէս անտեղի պիտի ըլլար միջամտել ներազրպէյճանական երանգ ստացած այդ գործընթացին», նշեց Փութին: «Մենք գիտենք, որ թէ՛ դուք, եւ թէ՛ ձեր գործընկերները ունեցած էք եւ կը շարունակէք ունենալ հարցեր, խնդիրներ եւ դժգոհութիւններ ՀԱՊԿ-ի դէմ: Մենք մնայուն կերպով կը վերադառնանք այս նիւթին», աւելցուց ան:

Բացի ատկէ, նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի վերամիաւորման հարցին: «Եթէ զայն Ազրպէյճանի մաս համարենք, ես չեմ գնահատեր` ատիկա լա՞ւ է, թէ՞ վատ` խաղաղ կեանք կազմակերպելու տեսանկիւնէ: Ըստ իս, ատիկա, երեւի, իմաստ ունէր», դիտել տուաւ Ռուսիոյ ղեկավարը:

Leave a Comment