Անթալիոյ մէջ վերջ գտաւ Մուայ թայ մարզաձեւի պատանեկան «Անթալիա օփըն քափ 2026» մրցաշարքը:
Հայաստանի հաւաքականը ներկայացած իր երկու մարզիկներով` մարզիչ Ալեքսան Աղբալեանի ղեկավարութեամբ:
Մինչեւ 14 տարեկաններու մրցումներուն, Արայիկ Բրուտեան (52 քկ) ոսկի մետալ նուաճեց: Բրուտեան աւարտականին նաք-աութով յաղթեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին` շահելով ոսկի մետալ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Գորիկ Յակոբեան հանդէս եղաւ մինչեւ 18 տարեկաններու (67 քկ) մրցումներուն: Ան իր առաջին մրցումին կէտերով յաղթեց իր թուրք մրցակիցին, ապա կիսաւարտականին պարտութիւն կրեց պելճիքացի իր մրցակիցէն եւ շահեցաւ պրոնզ մետալ: