30 մարտին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին, միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը:
Երկամեայ դրութեամբ ներկայացուող այս բանաձեւը կը հիմնուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրին վրայ: Անիկա էական դերակատարութիւն ունի այդ կարեւոր փաստաթուղթի դրոյթները ՄԱԿ-ի քաղաքականութեան գործնական դաշտ տեղափոխելու գծով:
Բանաձեւին նպատակը ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով կանուխ ազդարարման գաղափարախօսութիւնը խթանելը եւ վտանգի գործօններու շրջանակը սահմանելն է` ներառելով ատելութիւնը, խտրականութիւնն ու անպատժելիութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ ժամանակին արձագանգելու կարեւորութիւնը, ինչ որ կրնայ բռնութեան աճը կանխարգիլելուն էապէս նպաստել:
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցը միջազգային օրակարգ բերելով` բանաձեւը դարձեալ կ՛ընդգծէ այս նիւթին կարեւորութիւնը արդի դիւանագիտական առաջնահերթութիւններու շարքին: Անիկա կը նպաստէ միջազգային արդարադատութեան գործիքակազմերու ամրապնդման եւ կ՛ընդգրկէ այն միջազգային զարգացումները եւ մարտահրաւէրները, որոնք տուեալ ժամանակաշրջանին առաւել մեծ ուշադրութեան կարիքը ունին:
Այս տարի ներկայացուած բանաձեւը կ՛առաջարկէ «ՄԱԿ-80» բարեփոխումներու ծիրին մէջ ամրապնդել ցեղասպանութեան կանխարգիլման լիազօրութիւնը եւ յատուկ ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ ալկորիթմային համակարգերը եւ արհեստական բանականութեան գործիքները կրնան պատճառ դառնալ ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան յաւելեալ տարածման` ազդելով տեղեկատուական հոսքերուն վրայ եւ վտանգելով մարդկային իրաւունքները:
«Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան դէմ համաձայնագիրի համընդհանուր վաւերացման գործընթացին մէջ` քաջալերելով այն պետութիւնները, որոնք տակաւին չեն միացած համաձայնագիրին, անյապաղ այդ քայլը առնելու:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Հայաստանի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը կը վայելէ տարածաշրջանային բոլոր խմբաւորումները ներկայացնող ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու լայն աջակցութիւնը: Այս մասին կը վկայէ համահեղինակներու մեծ թիւը, որ որդեգրումի պահուն արդէն կը հասնէր վեց տասնեակի:
Բանաձեւը դարձեալ կը հաստատէ Հայաստանի կոչը միջազգային ընտանիքին եւ ամբողջ աշխարհին` համախմբուելու եւ կանխարգիլելու ցեղասպանութեան արհաւիրքը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած նոյնանուն նախորդ բանաձեւը միաձայնութեամբ որդեգրուած էր 3 ապրիլ 2024-ին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 55-րդ նստաշրջանին: