Լիբանանի մէջ պատերազմական վիճակը կը շարունակէ մնալ տիրական: Հարաւի մէջ գետնի վրայ իսրայէլեան գործողութիւնները կը շարունակուին, Հըզպալլա կը հակադարձէ եւ իր կարգին կը հարուածէ իսրայէլեան շրջաններ, իսկ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր անխնայ կը քանդեն հարաւային շրջանները` պատճառելով քաղաքացիական զոհեր եւ վիրաւորներ, թիրախ դարձնելով նոյնիսկ հիւանդատարներն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան մարմինները:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց. «2 մարտէն ի վեր լիբանանեան հողերէն Իսրայէլի վրայ 5000 հրթիռ, ռումբ եւ անօդաչու թռչող սարք արձակուեցաւ»:
«Հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու մեծագոյն մասը արձակուեցաւ Լիթանի գետի հարաւէն, որուն վրայ լիբանանեան բանակը իր վերահսկողութիւնը յայտարարած էր», շեշտեց ան:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենես-Պլասխարթ ցաւակցութիւն յայտնեց Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորի մը սպանութեան համար:
«Կեանքերու կորուստն ու քանդումը կ՛աւելնան: Անմիջական կարիք կայ ճամբու քարտէսի մը, որ կողմերուն կ՛արտօնէ գահավէժի եզրէն նահանջելու եւ աշխատանք տանելու բանակցութեան ճամբով հարցերու կարգաւորման հասնելու», նշեց ան:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ ցուցմունք տուած է ընդլայնելու Լիբանանի հարաւի մէջ անվտանգութեան գօտին` Իսրայէլի հիւսիսի համար սպառնալիքները նուազագոյնի հասցնելու համար:
«Մենք նախաձեռնութիւնը կ՛առնենք եւ կը յարձակինք: Մենք թշնամիին տարածքին մէջ ստեղծած ենք երեք անվտանգութեան գօտիներ. Սուրիոյ մէջ` Հերմոն լերան գագաթէն մինչեւ Եարմուք: Կազայի մէջ ատիկա շրջանի կէսէն աւելին է: Իսկ Լիբանանի մէջ ես հրահանգած եմ առաւել եւս ընդլայնելու գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան գօտին, որպէսզի վերջնականապէս կանխարգիլեմ ներխուժման սպառնալիքը եւ չարտօնեմ հակահրասայլային հրթիռային ռումբերու մեր սահման մուտքը», տեսաուղերձի մէջ յայտարարեց Նեթանիահուն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «Իլպիթ» ընկերութեան հետ գործարք կնքած է հրետանիի տասնեակ հազարաւոր 155 միլլիմեթրնոց ռումբեր գնելու համար:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ կիրակի օր իսրայէլացի վեց զինուորներ վիրաւորուած են:
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած են 261 զինուորներ, որոնցմէ 22-ը ծանրօրէն, իսկ 44-ը` միջին աստիճանի:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է 6-ի:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու 7 շրջաններու բնակիչներուն շտապ զգուշացում յղեց` զանոնք անմիջապէս դատարկելու, ապա Հարաւային արուարձաններուն դէմ օդային յարձակումներու ձեռնարկեց:
Հըզպալլա յայտարարեց, թէ Ըտէյսէի Խանուք շրջանին, Քիրիաթ Շմոնայի, Մալիքիէ դիրքին եւ Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներ հրթիռակոծած է:
Հըզպալլա նաեւ դիտել տուաւ, թէ երէկ արշալոյսին հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով 5 յարձակումներ գործած է իսրաէլացի զինուորներու, զինուորական դիրքերու եւ իսրայէլեան բնակեցուած վայրերու վրայ:
Կուսակցութիւնը նաեւ տեսակարար հրթիռներով հրթիռակոծեց Հայֆայի հարաւը գտնուող հակահրթիռային պաշտպանութեան Մշմար Քարմել դիրքը:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը երէկ կէսօրին հաղորդեց, որ «իսրայէլեան օդային յարձակում մը թիրախաւորեց Սուրի հարաւը գտնուող Ամրիէ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի անցարգելը: Յարձակումին իբրեւ հետեւանք բանակայիններ վիրաւորուեցան:
Լիբանանեան բանակը աւելի ուշ նշեց, թէ յարձակումին պատճառով նահատակուած է զինուոր մը, եւ ուրիշներ վիրաւորուած: