Նախագահ Աուն. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Վտանգող Ձեռքը Պիտի Կտրուի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հաստատեց, որ` «քաղաքացիական խաղաղութիւնը վտանգող ձեռքը պիտի կտրուի»:

«Ապահովական մարմինները խիստ քայլեր կ՛որդեգրեն որեւէ ապահովական խախտում արգիլելու համար, ձերբակալումներ կը կատարեն եւ զէնքեր կը գրաւեն», նշեց ան:

«Լիբանանի մէջ ոչ ոք քաղաքացիական պատերազմի ծագումը կ՛ուզէ, եւ պղտոր ջուրերու մէջ որսալու փորձերը պիտի ձախողին», յայտնեց նախագահ Աուն:

«Հարաւի մէջ իրավիճակը ողբերգական է` Իսրայէլի կատարած հսկայական ոտնձգութիւններուն պատճառով: Կը շարունակենք միջազգային հաղորդակցութիւնները հարցերը առաջնորդելու դէպի Իսրայէլի հետ բանակցութիւն», ըսաւ նախագահը:

Leave a Comment