ՖԻՆԻՒԼ երէկ յայտարարեց, թէ խաղաղապահ զինուոր մը սպաննուած է, եւ ուրիշ մը ծանրօրէն վիրաւորուած, երբ Ատշիթ Քուսէյր գիւղին մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքի մը մէջ ռումբ մը պայթած է:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժը նշեց, որ միջադէպի ծալքերու բացայայտման համար հետաքննութեան ձեռնարկած է եւ մինչեւ հիմա չի գիտեր ռումբին աղբիւրը:
ՖԻՆԻՒԼ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքը եւ մնայուն կերպով երաշխաւորելու ՄԱԿ-ի անդամներու եւ կառոյցներու անվտանգութիւնը, ներառեալ` ետ կանգնելու որեւէ արարքէ, որ խաղաղապահ զինուորները կրնայ վտանգել:
Խաղաղապահ ուժը նշեց, որ խաղաղապահ զինուորներու վրայ դիտաւորեալ յարձակումները միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սկզբունքներու մեծ խախտումներ կը նկատուին, ինչպէս նաեւ պատերազմական ոճիրներու համազօր են:
ՖԻՆԻՒԼ յայտնեց, որ այս հակամարտութեան ընթացքին երկու կողմերէն շատ կեանքեր կորսուեցան` շեշտելով, որ զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, եւ անհրաժեշտ է այս բռնութեան վերջ տալ:
Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ծառայող իր զինուորներէն մէկը սպաննուած է, եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են, երբ 29 մարտին Ատշիթ Քուսէյրի մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին մերձակայքին դէմ հրետանիով անուղղակի ռմբակոծում տեղի ունեցած է:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ դատապարտեց դէպքը` նշելով, որ անիկա խաղաղապահներու կեանքը վտանգած նոր դէպքերու շարքին մաս կը կազմէ:
Կութերեշ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` յարգելու միջազգային օրէնքը եւ ամէն պահու երաշխաւորելու ՄԱԿ-ի անձնակազմի եւ կալուածներու անվտանգութիւնը: