Պենեթ. «Ո՛չ Լիբանանի Մէջ, Ո՛չ Կազայի Մէջ, Որեւէ Տեղ Յաղթանակ Չեն Արձանագրեր»

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Նեթանիահուն` նշելով. «Իսրայէլ յաղթելը կ՛ատէ: Ո՛չ Լիբանանի մէջ, ո՛չ Կազայի մէջ, որեւէ տեղ որեւէ յաղթանակ չեն արձանագրեր»:

«Իրանի մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրե՞ն», հարց տուաւ Պենեթ:

Ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները «ներխուժում» որակեց:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը Հըզպալլան չզինաթափէ, մենք այդ մէկը պիտի կատարենք»:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ հարուածած է իսրայէլեան Ռոշ Պինա բնակեցման վայրը, Սաֆատ քաղաքը, ինչպէս նաեւ Մթըլլէ դիրքին, Խիամի, Քաուզահի մէջ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքավայրերը եւ Քափրի բնակեցման վայրին մէջ հրետանիի դիրքերը:

Հըզպալլա նաեւ թիրախաւորեց Միսքաֆ Ամ դիրքին մէջ իսրայէլացի զինուորներու եւ մեքենաներու հաւաքավայրերը:

Կուսակցութիւնը գիշերանց իսրայէլեան դիրքերու դէմ գործողութիւններու շարք մը շղթայազերծեց եւ թիրախաւորեց Քանթարայի, Տպըլի եւ Քիրիաթ Շմոնայի մէջ իսրայէլացի զինուորներու եւ մեքենաներու հաւաքավայրերը:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ երէկ ժամը 11:00-ին Պայյատա գիւղին մէջ թեթեւ զէնքերով զերօ հեռաւորութեան վրայ բախում ունեցած է իսրայէլեան բանակէն ուժի մը հետ եւ անոր ուղղակի հարուածներ հասցուցած, իսկ ժամը 12:00-ին նոյն գիւղին մէջ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքով մը ուղղակի կերպով հարուածած «Մերքաւա» տիպի իսրայէլեան հրասայլ մը:

Իսրայէլեան օդուժը արշալոյսին առանց զգուշացման յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Թահուիթաթ Ղատիր շրջանին վրայ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Հարաւային արուարձաններուն վրայ վերջին յարձակում մը քանի մը հրթիռներով հարուածեց բնակելի յարկաբաժին մը»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ արշալոյսին հարաւային Լիբանանի Սժոտ գիւղի բնակիչները շտապ կերպով զգուշացուց, որ պէտք է անմիջապէս լքեն իրենց տուները եւ Զահրանի գետէն հիւսիս տեղափոխուին:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ շարունակեց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու վրայ իր օդային յարձակումները, եւ Քլէյլայի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Օդային յարձակումներ գործուեցան Նապաթիէ գաւառի Զաութար Շարքիէ եւ Հպուշ գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Սուր գաւառի Մանսուրի գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան հրետանին ալ ռմբակոծեց Նաքուրայի, Պայյատայի եւ Շամհի մերձակայքը:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ ֆոսֆորական ռումբեր օգտագործեց տեսողութիւնը խանգարելու համար:

Իսրայէլ օդային յարձակում գործեց հիւսիսային Պեքայի Պզալիէ գիւղին մէջ գտնուող բնակարանի մը վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ Պաալպեք-Հոմս միջազգային ճամբու փակման:

 

Leave a Comment