Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի ուշ գիշերին յայտարարեց, որ յաւելեալ 10 օրով` մինչեւ 6 ապրիլ պիտի յետաձգէ իրանեան ուժանիւթի կայաններուն եւ ենթակառոյցներուն դէմ հարուածները, ըստ անոր` խնդրանքովը իրանեան կողմին, որուն հետ «բանակցութիւնները շատ լաւ կ՛ընթանան»:
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն. «Թրամփ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանաժամը երկարաձգեց, երբ մտավախութիւնները յանգեցուցին բաժնետոմսերու կտրուկ անկման «Ուոլ Սթրիթ»-ի մէջ, որ հակամարտութենէն ի վեր իր վատագոյն օրը ապրեցաւ»:
Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին գրեց. «Միջնորդներ կ՛ըսեն, թէ Իրան ուժանիւթի վայրերուն դէմ հարուածներու առկախում չուզեց»:
Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի կատարած հարցախոյզին համաձայն, ամերիկացիներուն 64 առ հարիւրը դժգոհ է Իրանի մէջ պատերազմին վերաբերեալ Թրամփի աշխատանքէն:
Միջնորդութեան ջանքերուն քաջածանօթ աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Հակառակ ամերիկեան առաջարկը մերժելու հրապարակային յայտարարութեան, իրանցի պաշտօնատարները բանակցելու իրենց փափաքը յայտնեցին: Միեւնոյն ժամանակ իրանցի պաշտօնատարները յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգներու հետ բարձր մակարդակի ժողով գումարելու առաջարկին վերջնական պատասխան չտուին»:
Աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ միջնորդները Թեհրանի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի ժողովի գումարումը ընդունի, սակայն իրանցի պաշտօնատարները միջնորդներուն հետ իրենց հաղորդակցութիւններուն ընթացքին կը պնդեն, թէ երկրի գերագոյն ղեկավարութիւնը, իմա՛` գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէին տակաւին որոշում չէ տուած:
«Միջնորդներուն համար հիմնական հարցը ժողովի գումարումն է: Սակայն գլխաւոր խնդիրները վստահութեան չգոյութիւնն ու իրանցիներու կասկածներն են, թէ Միացեալ Նահանգներ զիրենք անգամ մը եւս կը խաբեն», աւելցուց աղբիւրը:
Փաքիստանցի պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած են. «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդութեան ջանքերը կը յաջորդեն շաբաթներով տեւած հանդարտ դիւանագիտութեան»:
«Իսլամապատ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններ հիւրընկալելու», աւելցուցած են պաշտօնատարները:
Իրանցի աղբիւր մը նախապէս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր. «Փաքիստանեան իշխանութիւնները Թեհրանին յանձնեցին ամերիկեան առաջարկ մը, եւ բանակցութիւններու վայրը տակաւին քննարկումի կ՛ենթարկուի»:
Քրեմլին ողջունեց «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու որեւէ ջանք»:
Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի դէմ զինուորական մեծ մագլցումի ընտրանքներ կը սերտէ, եթէ դիւանագիտական լուծումները ձախողին»` նշելով, որ Փենթակոն օդային ռմբակոծման փուլէն անցում կը կատարէ դէպի Իրանի մէջ ցամաքային գործողութիւններու ծրագրաւորում:
«Փենթակոնի պաշտօնատարները Իրանի մէջ տարբեր թիրախներու գրաւման համար ցամաքային ուժերու տեղակայման բեմագրութիւններ մշակեցին», ըսած են աղբիւրները` նշելով. «Իրանի մէջ ցամաքային ուժերու տեղակայման պարագային մարդկային մեծ վնասներու արձանագրման նկատմամբ մտավախութիւններ գոյութիւն ունին»:
Աղբիւրները նաեւ «Սի.Էն.Էն.»-ին նշեցին. «Ցամաքային որեւէ զինուորական մագլցումի հակամարտութիւնը վճռելու եւ Իրանի հետ պատերազմին վերջ տալու կարողութեան շուրջ կասկածներ գոյութիւն ունին»:
Ամերիկացի պաշտպանական ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, թէ յառաջիկայ շաբաթ Միջին Արեւելք յաւելեալ 10 հազար զինուորներ ուղարկելու որոշումի որդեգրումը կը նախատեսէ:
Յիշեցնենք, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը այս շաբաթ հաղորդած էր, որ Փենթակոն անկարգելաւորներու 82-րդ զօրամասէն շուրջ 3000 զինուորներու Միջին Արեւելք ուղարկումը պիտի պահանջէ:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ուաշինկթընի եւ իրենց այլ արեւմտեան դաշնակիցներուն յայտնած է, որ պատրաստ է Հորմուզի նեղուցի վերաբացման նպատակով ծովային առաքելութեան բազմազգեան ուժի մը մաս կազմելու:
Օրաթերթը նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փորձեն տասնեակներով երկիրներ մղել «Հորմուզի անվտանգութեան ուժ» կազմելու` նեղուցը իրանեան յարձակումներէն պաշտպանելու եւ նաւերուն ընկերակցելու համար:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան շրջանի պետութիւններուն մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու «խիստ» զգուշացում ուղղած է` կոչ ուղղելով ամերիկացի զինուորականներ չհիւրընկալելու, այլապէս իրանեան զինեալ ուժերուն օրինական թիրախներու պիտի վերածուին:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները անկարող են իրենց զինուորները շրջանին մէջ իրենց ռազմակայաններուն մէջ պաշտպանել` նշելով, որ զանոնք կը ձգէ «պանդոկներու եւ պարտէզներու մէջ»:
Քալիպաֆ հարց տուաւ, որ Ուաշինկթըն ինչպէ՞ս կրնայ անոնց «մեր հողերուն վրայ» պաշտպանութիւնը ապահովել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն Իրանի մէջ գործողութիւնները աւարտել յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին:
Նեթանիահու. «Գոյութիւն Ունէր Այն Պատկերացումը, Որ Իրան Անմիջապէս Պիտի Տապալի, Սակայն…»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ գոյութիւն ունէր այն պատկերացումը, որ Իրան անմիջապէս պիտի տապալի եւ խաղաղութիւն պիտի տիրէ, սակայն հարցերը այդ ձեւով չեն ընթանար: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը:
Նեթանիահու աւելցուց, որ փոփոխութիւնը որոշ համեմատութեամբ դէպի լաւ պիտի ըլլայ, սակայն զգետնիչ հարուածի ճամբով պիտի չըլլայ:
Ան նշեց, որ աշխարհը այլեւս կը հասկնայ Իսրայէլի այն խօսքը, թէ Իրան համաշխարհային վտանգ կը ներկայացնէ:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ. «Իսրայէլ այլեւս համոզուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ փորձել պատերազմը շուտով աւարտել, ուստի իր օդային յարձակումներուն մեծամասնութիւնը իրանեան վարչակարգի կայունութիւնը քայքայելէն դէպի անոր բանակին հսկայական վնասներ պատճառելու շրջեց»:
«Այս շրջադարձը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլ հրաժարեցաւ վարչակարգը օդուժի յարձակումներու ճամբով տապալելու երազէն», կը նշէ օրաթերթը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իրանի դէմ գործողութիւններու սկսելէն ի վեր աւելի քան 8 հազար թոն զինամթերք ու սպառազինութիւն հասաւ Իսրայէլ»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց. «Իրան սուղ եւ հետզհետէ աճող գին պիտի վճարէ իսրայէլացի քաղաքայինները թիրախաւորելուն համար»:
«Իրանի դէմ հարուածները մագլցում պիտի արձանագրեն եւ պիտի ընդլայնուին` ներառելով թիրախներ, որոնք Իրանի կ՛օգնեն զէնքերու արտադրութեան եւ արձակման», աւելցուց Քաց:
Վատեֆուլ. «Ամերիկայի Եւ Իրանի Միջեւ Անուղղակի Հաղորդակցութիւն Տեղի Կ՛ունենայ, Ինչ Որ Դրական Ցուցանիշ Է»
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ յայտարարեց. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ անուղղակի հաղորդակցութիւն տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ դրական ցուցանիշ է»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր իր կարգին նշեց. «Պատերազմին միանալու պիտի չհամաձայնիմ, եւ անիկա մեր ազգային շահերէն չի բխիր»:
Լեհաստանի Վարչապետը Յառաջիկայ Օրերուն Նոր Մագլցում Կը Նախատեսէ
Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք երէկ յայտնեց, որ գոյութիւն ունին պատճառներ, որոնք կը ստեղծեն այն կարծիքը, թէ յառաջիկայ օրերուն Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մէջ հաւանաբար մագլցում արձանագրուի:
Թուսք լրագրողներու նշեց. «Պատճառներս ունիմ, նաեւ հիմնուելով մեր դաշնակիցներէն ստացած տեղեկութիւններու վրայ, կարծելու, թէ յառաջիկայ օրերուն կայունութիւնը բացառուած է, եւ ընդհակառակը` կրնայ նոր մագլցում արձանագրուիլ»:
Փարիզ. «Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Վտանգման Առաջին Պատասխանատուն Իրանն Է` Իր Արարքներով Եւ Իր Դաշնակիցներուն Աջակցելով»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փասքալ Քոնֆաւրօ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելք կը գտնուի իր քաղաքացիներուն աջակցելու եւ դաշնակիցները պաշտպանելու համար` նշելով, որ Ֆրանսան շրջանին մէջ օդանաւակիր մը ունի եւ կարմիր ծովուն մէջ վեց յածանաւեր:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց. «Շրջանին մէջ անվտանգութեան վտանգման առաջին պատասխանատուն Իրանն է` իր արարքներով եւ իր դաշնակիցներուն աջակցելով»:
Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութեան կայունութեան համար աշխատանք տանելու շուրջ:
Քոնֆաւրօ շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը «Ֆրանսայի պատերազմը չէ», եւ Փարիզ չ՛ուզեր անոր մաս կազմել:
Ան միեւնոյն ժամանակ շրջանին մէջ մագլցումի թուլացման ուղղութեամբ աշխատանքը ընդգծեց:
Արաղչի. «Իրան Երբեք Պատերազմի Չէ Ձգտած, Սակայն Կը Շարունակէ Ինքզինք Պաշտպանել»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրան «ապօրինի եւ անարդարանալի» պատերազմի կ՛ենթարկուի` նշելով, որ հակառակ Թեհրանի դիւանագիտական հոլովոյթը որդեգրելուն, Միացեալ Նահանգներ «շրջեցին բանակցութեան սեղանը»:
Ան աւելցուց. «Երբեք կարելի չէ Միացեալ Նահանգները պատասխանատուութենէ զուրկ նկատել Մինապի դպրոցի թիրախաւորման ոճիրին համար»` նշելով. «Մինապի դպրոցին մէջ աւելի քան 175 աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մահը մեր երկրին վրայ ամերիկեան-սիոնական յարձակումին ամէնէն ահաւոր երեւոյթներէն մէկն է»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Իրան «երբեք պատերազմի չէ ձգտած», սակայն կը շարունակէ ինքզինք պաշտպանել:
Ան ըսաւ, որ իր երկրին դէմ շղթայազերծուած «անիրաւ պատերազմը» հիմնուած է «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի քմահաճոյքներուն վրայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու:
«ՄԱԿ-ն ու անոր արժէքները վտանգուած են, եւ ան պէտք է դատապարտէ մեր վրայ յարձակում գործողները», ըսաւ Արաղչի:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով արդի տուեալներ, հաղորդեց, որ մարտէն ի վեր Հորմուզի նեղուցը անցած նաւերուն թիւը հասած է միայն 116-ի, ինչ որ անցեալ ամսուընէ 97 առ հարիւրով նուազ է:
Օրաթերթը կը նշէ, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ կամ Եւրոպա ուղղուող որեւէ նաւ նեղուցէն չէ անցած:
Փաքիստանեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած է, որ բեռնափոխադրման կարգ մը ընկերութիւններ իրենց նաւերուն դրօշները փոխելու քայլին ձեռնարկած են` Հորմուզի նեղուցէն անոնց անցքը դիւրացնելու նպատակով փաքիստանեան արձանագրութեամբ նաւարկելու համար:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը երէկ յայտարարեց, թէ Հորմուզի նեղուցը փակ է` զգուշացնելով, որ նեղուցէն անցնիլ փորձողները «խիստ պատասխան» պիտի ստանան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Քարիւղի գիները ուրբաթ օր դէպի շաբաթական նուազում կ՛ուղղուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրանեան ելեկտրակայաններուն վրայ յարձակումները 10 օրով յետաձգելէն ետք, սակայն ներդրողներուն մօտ մտահոգութիւնը կը յամենայ, որովհետեւ հակամարտութեան անմիջական լուծումի մը գոյացումը բացառուած թուեցաւ»: