Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա` 2-6 Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայերն Միւնիխ` 2-3

Աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան: Վերջին տարիներու լաւագոյն խումբերէն Պարսելոնա 6-2 արդիւնքով լայն յաղթանակ արձանագրեց մրցակից Ռէալ Մատրիտի «Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ» դաշտին վրայ:

Մրցումի առաջին 13 վայրկեաններուն Էվա Փախորի եւ Էսմէ Պրուկայի կոլերը առաւելութիւն տուին Պարսելոնային: Լինտա Քայսետօ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Ռէալ Մատրիտի, բայց Իրէն Փարետես անմիջապէս Պարսելոնայի 2 կոլի առաւելութիւնը վերադարձուց: Փախոր եւ Վիքի Լոփես Բ. կիսախաղին կոլեր նշանակեցին, մինչ Քայսետօ կոլ մը եւս նշանակեց չնչին յոյսեր պահելով:

Ալեքսիա Փութէյաս փենալթիով կոլ մը եւս աւելցուց` մեծ քայլ մը առնելով դէպի կիսաւարտական, դարձի մրցումներէն առաջ:

Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ «Օլտ Թրաֆորտ»-ի մէջ չնչին առաւելութիւն ձեռք ձգեց` 3-2 արդիւնքով յաղթելով տեղւոյն Մանչեսթըր Եունայթըտի վրայ:

Փերնիլ Հարտըր 2 կոլ նշանակեց, հակառակ անոր որ ան Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիր եղած էր մանկութեան օրերէն: Հարտըր, որ 2-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, ըսաւ. «2 կոլ նշանակել «Օլտ Թրաֆոր»-ի մէջ երազ մըն էր, որ իրականացաւ»:

Աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քառորդ աւարտական հասած Եունայթըտ չյանձնուեցաւ, եւ խմբապետ Մայա Լը Թիսիէ փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Երկրորդ կիսախաղին շատ ուշացան կոլերը, սակայն վերջին 13 վայրկեաններուն 3 կոլերու ականատես եղան համակիրները:

Դանիացի Հարտըր, որ 2020-ին փոխանցումի մրցանիշ հաստատած էր` միանալով Չելսիին գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց: Հազիւ քանի մը վայրկեան, եւ Եունայթըտ անգամ մը եւս հաւասարեցաւ շնորհիւ Հաննա Լունտքվիսթի գլխու հարուածին` Լըթիսիէի քոռնըրէն ետք:

84-րդ վայրկեանին Պայերն կրցաւ առաւելութիւն ունենալ, երբ Մոմաքօ Թանիքաուա նշանակեց 3-րդ եւ յաղթանակի կոլը:

Ճիշդ է, որ Պայերն առաւելութիւն ունի կիսաւարտականի հասնելու, սակայն անոնց ճամբուն դժուար կ՛երեւի` առաջին անգամ ըլլալով շահելու տիտղոսը, մանաւանդ որ կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Պարսելոնան:

Նշենք, որ միւս քառորդ աւարտականի մնացեալ մրցումներուն, Արսենալ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Չելսին, մինչ Վոլֆսպուրկ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիոնին:

 

Leave a Comment