2025-2026 տարեշրջանը աւարտելէ ետք, Մոհամետ Սալահ պիտի լքէ Անգլիոյ Լիվըրփուլ ակումբը:
9 տարեշրջաններէ ետք Լիվըրփուլի պատմութեան փայլուն աստղերէն` եգիպտացի Սալահ պիտի լքէ «Կարմիրներ»-ը:
Սալահ եւ Լիվըրփուլ համաձայնեցան, որ ան լքէ խումբը տարեշրջանի աւարտին: Սալահ ինքն է, որ ուզած է, որ ժամանակէն առաջ յայտարարուի այս լուրը` համակիրները յարգելու եւ ապագայի մասին թափանցիկութիւն ապահովելու համար:
2017-ին Իտալիոյ Ռոմա ակումբէն Լիվըրփուլին միանալէ ետք, Սալահ կարճ ժամանակի մը ընթացքին դարձաւ ակումբի խորհրդանիշներէն մէկը: Ան 435 մրցումներու ընթացքին 255 կոլ նշանակած է եւ կը գրաւէ Լիվըրփուլի պատմութեան կոլ-սքորըրներու 3-րդ դիրքը:
Միայն Իան Ռաշ (346 կոլ) եւ Ռոճըր Հանթ (285 կոլ) կրցած են աւելի նշանակել:
Ան 4 անգամ դարձած է «Փրեմիեր լիկ»-ի կոլ-սքորըր եւ օգնած է Լիվըրփուլի հետ շահիլ «Չեմփիընզ լիկ», «Փրեմիեր լիկ» (2 անգամ), ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու տիտղոս, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակ: Ան շահած է Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակը («Էֆ. Էյ. Քափ») եւ երկու լիկայի բաժակ («Ի. Էֆ. Էլ.» կամ «Քարապաօ» բաժակ):
Հակառակ անոր հեռանալու յայտարարութեան, Սալահ կեդրոնացած պիտի մնայ այս տարեշրջանին վրայ, ուր խումբը կը պայքարի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականին (Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ), ինչպէս նաեւ կը փորձէ խումբը հասցնել «Չեմփիընզ լիկ»-ին մասնակցելու դիրքի` «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ (առնուազն 4-րդ դիրքը):
Պատմական այս մարզիկին լիարժէք հրաժեշտը տեղի կ՛ունենայ աւելի ուշ, երբ ան պաշտօնապէս հեռանայ «Էնֆիլտ»-էն:
Ակումբը արդէն իսկ յայտնեց, որ աւելի ուշ պիտի պատուեն մարզիկը, որ յաւերժօրէն իր անունը գրեց Լիվըրփուլի պատմութեան մէջ:
Թէ ո՞ւր կրնայ շարունակել Սալահ իր ասպարէզը, տակաւին անորոշ է: