Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կ՛ահազանգէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը բռնանայ ժողովուրդի ազատ ընտրութեան կամքի վրայ` շանթաժի միջոցով փորձելով ստիպել ընտրողներուն 7 յունիսին քուէարկել իր օգտին, պնդելով, թէ հակառակ պատերազմ պիտի ըլլայ:
«Սա արդէն իսկ քրէական յանցագործութիւն է», կը հակադարձէ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով. «Սա մարդոց կամքին վրայ ազդելու սպառնալիք է, որ արգիլուած է եւ քրէօրէն պատժելի արարք է»:
«Դուն շանթաժի կ՛ենթարկես քաղաքացիները, դուն կը սպառնաս քաղաքացիներուն», իր կարգին կը պնդէ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան` խօսքը ուղղելով Փաշինեանին:
Արծուիկ Մինասեանի պնդումով` Փաշինեան քրէական յանցագործութիւն կը կատարէ, եւ Գլխաւոր դատախազութիւնը պարտաւոր է վարոյթ յարուցել Քրէական օրէնսգիրքի 421-րդ յօդուածի յատկանիշներով` բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքի միջոցով ինքնիշխանութենէ հրաժարելուն ուղղուած գործողութիւններու համար:
Եթէ Գլխաւոր դատախազութիւնը քայլերու չձեռնարկէ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, ապա «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղարը չի բացառեր, որ ընդդիմութիւնը ինք դիմէ իրաւապահ մարմիններուն: