Նշմար. Հաշիւով Ծախսելը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԿԱՐՕ Կ.

Ֆութպոլի աշխարհին մէջ շատ մարդիկ կը դիտեն պարզապէս մակերեսային ձեւով, ուրիշներ բաւական կը «սուզուին» ակումբներու ներքին հարցերուն, մարզիկներու անձնական կեանքին, անոնց մարզական պատրաստութիւններուն կամ մինչեւ իսկ փոխանցումներու հաւանական ակումբներու մասին հետաքրքրուելով:

Ֆութպոլը սակայն միայն այդ 90 վայրկեանները չեն: Ակումբ մը ի՞նչ հանգրուաններէ կ՛անցնի հաստատ մնալու, կայուն մնալու եւ կարելի եղածին չափ հաշիւով քայլ առնելու եւ ծախսելու համար:

Կան եւրոպական շատ մեծ ակումբներ, որոնք միշտ կը պայքարին բարձր դիրքերու, մրցաշարքերու համար, բայց հակառակ յաջողութիւններու, անոնք պարտքեր ալ ունին:

Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ ակումբը միշտ ալ որոշ մակարդակի կայուն վիճակի մէջ գտնուած է եւ կը գտնուի, բայց ատիկա ալ ըստ երեւոյթին կրնայ վտանգուիլ, եթէ… Եթէ անշուշտ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական չհասնի:

Մեծ թիւով լաւ խաղացողներ ունենալն ալ դիւրին բան չէ: Շատ անգամ բախտի պէտք ունի ակումբ մը, երբ ձեռք կը ձգէ նոր երիտասարդ մարզիկներ: Պայերն, օրինակ` ինքզինք բաւական բախտաւոր պէտք է զգայ, Մայքըլ Օլիսէ – Լուիս Տիաս զոյգի յաջողութենէն, անոնք Հերի Քէյնի հետ շատ արդիւնաւէտ տարեշրջան կ՛ունենան:

Բայց գիտէ՞ք օրինակ Պայերնի այս խումբը որքա՛ն ծախս ունի, կամ որքա՛ն կը ստանան մարզիկները:

Անցեալ տարեշրջանէն Պայերն Միւնիխ որոշած էր մարզիկներուն աշխատավարձերը վերատեսութեան ենթարկել:

Օլիսէ – Տիաս զոյգը միասնաբար 34 միլիոն եւրօ կը ստանան, որ բաղդատմամբ աւելի նուազ է Լիրոյ Սանէ – Քինկալի Քոման զոյգին ստացած գումարէն: Վերջիններս միասնաբար 40 միլիոն եւրօ կը ստանային: Աւելի՛ն, անոնք շատ աւելի կը վիրաւորուէին ալ: Օրին, Սանէ մերժած էր աւելի նուազ աշխատավարձով պայմանագրութիւն վերանորոգել եւ մեկնած էր Կալաթասարայ: Քոման իր կարգին միացած էր Նասրին: Մինչ Սերժ Կնապրի, որ Պայերնի ամէնէն բարձր եկամուտ ունեցող մարզիկներէն մէկն էր, համաձայնեցաւ աւելի նուազ ստանալով շարունակել Միւնիխի ակումբին հետ:

Պայերն Միւնիխ 4 կարգերու բաժնած է իր աշխատավարձերը: Առաւելագոյն ստացողներն են (20 միլիոնէն աւելի վեր) Հարի Քղյն եւ Ժամալ Մուսիալա, Քէյն մօտ 25 միլիոն եւրօ կը ստանայ, մինչ Մուսիալա նոյնիսկ աւելի:

Տայօ Ուփամեքանօ Բ. կարգի ստացողներուն բարձրացաւ (մինչեւ 20 միլիոն)` անցեալ փետրուարին իր պայմանագրութիւնը նորոգելէ ետք: Եոշուա Քիմիչ, Մանուէլ Նոյըր եւ Ալֆոնսօ Տէյվիս մաս կը կազմեն նաեւ Բ. կարգի ստացող մարզիկներուն:

Մինչ Տէյվիս եւ Քիմիչ նոր պայմանագրութիւններ ստորագրեցին (վերանորոգեցին), Նոյըրի կը փորձեն համոզել աւելի նուազ ամսականով նորոգել:

Լենարտ Քարլ, որ տաղանդաւոր մարզիկ մըն է, մօտ 2 միլիոն եւրօ կը ստանայ, մինչ Քոնրատ Լայմեր իր փայլուն ելոյթներով կրնայ ստանալ 10 միլիոնէ աւելի:

Մարզիկներ ալ կան, որոնք, օրինակ, Ռաֆայէլ Կերերոյի նման, միջակ եկամուտ ստացող մարզիկներու կը պատկանին, կրնան լքել այս ամրան, մինչ փոխ տրուած մարզիկներ` բերդապահ Ալեքսանտր Նուպելի նման, հաւանաբար ծախուին: Վերջինս այժմ կը ստանայ 10 միլիոն եւրօ, որուն 1 երրորդը միայն կը վճարէ Շթութկարթ:

Պայերն յոյս ունի, որ միջնապահ Ժոաօ Փալինիա, որ այժմ կը խաղայ Լոնտոնի Թոթենհամին հետ, վերջնականապէս միանայ անոր, ինչպէս որ Սաշա Պոյ կրնայ վերջնականապէս միանալ Կալաթասարային:

Մասնաւոր նոր փոխանցումներու նիւթ չկայ միջնապահ դիրքի վրայ, եւ ակումբը կը վստահի միջակ եկամուտի խմբակին մաս կազմող Թոմ Պիշոֆի, մանաւանդ Լէոն Կորեցքայի պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք այս ամրան: Կրնայ ըլլալ, որ բացառութիւն ըլլայ Հերթա Պերլինի 16 տարեկան Քենեթ Այքհորնի միանալը ապագայի տաղանդին համար: Պոյի փոխարէն ալ նկատի առնուած է Ֆեյենուրտ Ռոթերտամի Կիվայրոն (Ռիտ 19 տարեկան):

Շատ հաւանական է, որ Պայերն վերջնականապէս չստորագրէ Նիքոլաս Ճեքսընի հետ, որ փոխ տրուած էր Չելսիէն, բան մը, որ ծախսերէն ալ պիտի նուազեցնէ:

Պայերն Միւնիխ նիւթական համեմատական դժուարութեան առջեւ կրնար գտնուիլ, եթէ չհասնէր քառորդ աւարտական («Չեմփիընզ լիկ»-ի, որ յաւելեալ 12,5 միլիոն երօ եկամուտի պատճառ դարձաւ: Կիսաւարտականի հասնելու պարագային առնուազն 15 միլիոն յաւելեալ եկամուտ ալ կրնայ ունենալ:

Անցեալ ամրան մասնակցելէ ետք աշխարհի ակումբներու Մոնտիալին Պայերն 27,1 միլիոն ստացած էր, բան մը, որ օգնած էր դիմանալու ակումբի հսկայ ծախսերուն:

Ինչպէս նշեցինք, պայքարը միայն դաշտին մէջ տեղի չ՛ունենար, այլ եկամուտ ձեռք բերելու համար ալ պայքար կայ, իսկ միւս կողմէն մարզիկներուն ծախսերը ղեկավարելը ամէնէն դժուար քայլերէն մէկն է:

Մարզիկներ կան, որոնք կ՛ուզեն դառնալ ակումբի պատմութեան մէջ կարեւոր մասնիկ մը` մոռնալով բարձր եկամուտները, մինչ ուրիշներ միայն դրամի համար կը խաղան:

 

 

Leave a Comment