4 անգամ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան պիտի մասնակցի «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին, ուր պիտի մրցի արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ Պաղտաթ Ժուպանիշի դէմ:
30 տարեկան Ղազախստանի ներկայացուցիչը խառն մենամարտի մրցումներուն ունի 8 յաղթանակ (7 մենամարտերու ընթացքին) եւ նախապէս ոչ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեան էր: Ան իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է «Նայզա Էֆ. Սի.» Լիկային մէջ, ուր ամէնէն թեթեւ կշիռի ախոյեանի գօտին շահած էր:
Յարութիւնեանի եւ Ժուպանիշի մենամարտը տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով: «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ օր, Երեւանի մէջ: