Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի յառաջապահ Արամէ Մինասեան իր ասպարէզը կը շարունակէ Լաթվիոյ մէջ:
Երիտասարդ հայ ֆութպոլիստը յաջող փորձաշրջանէ մը ետք պայմանագիր ստորագրեց Լաթվիոյ առաջին դասակարգի Մարուպէ խումբին հետ:
Յատկանշական էր, որ Մինասեանի ծառայութիւններով հետաքրքրուած էին նաեւ բազմաթիւ Լաթվիական խումբեր: Սակայն այդ բոլորը չյաջողեցան, մանաւանդ որ իր սպանական նախկին ակումբը չէր համաձայներ այդ բանակցութիւններու արդիւնքին:
Արամէ Մինասեան, որ Փիւնիկի սան է, 2022-ին միացած էր սպանական Քան Վիտալեթ ակադեմիայի խումբին, ապա տարի մը ետք, Սանթա Անտրէու խումբին, որուն կը պատկանէր փոխանցումի իրաւունքը:
Նշենք, որ Արամէ նախապէս խաղցած է նաեւ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար, 16 տարեկանէն վար եւ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբերէն` փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով: