Իտալիոյ ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին, Բ. դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլան առիթ ունէր մօտենալու Ինթեր Միլանին, բայց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լացիօ Ռոմայէն:
Ինթեր չէր կրցած յաղթել Աթալանթային (1-1), եւ Ա. Սէ. Միլանի համար շատ յարմար առիթ էր 8 կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնելու 5-ի, բայց ձախողեցաւ:
Ա. Սէ. Միլան շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ Լացիոյի դէմ, բայց ֆութպոլի մէջ լաւ խաղալը չի բաւեր եւ կարեւորը կոլ նշանակելն է ու յաղթելը: Կուսթաֆ Իսաքսեն 26-րդ վայրկեանին առանձին յառաջացաւ եւ Մայք Մենիանի քովէն նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Մրցումի վերջին 20 վայրկեանները բաւական «տաք» էին, ուր Ա. Սէ. Միլան փենալթի մը պահանջեց, ՎԱՐ-ի վրայ կրկնութիւնը դիտելէ ետք, իրաւարարը բաւարար կարծր չտեսաւ դէպքը եւ շարունակեց մրցումը: Վայրկեաններ ետք Միլանի ակումբը կոլ նշանակեց, բայց գնդակը մարզիկին ձեռքին դպած էր: Վեթերան Մոտրիչի հարուածը շատ մօտ էր նշանակուելու, մինչ կորսուած վայրկեաններուն երկու այլ առիթներ ստեղծուեցան, եւ Լացիոյի մարզիչ Մաուրիցիօ Սարրի կամիր քարտ ստացաւ բողոքելու պատճառով:
Պէտք է ըսել, որ Լացիոյի բերդապահ Էտուարտօ Մոթթա երեք ստոյգ առիթներ` զսպեց` օգնելով իր խումբին, որ բարձրանայ 9-րդ դիրք: