Այսօր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի առաջին 4 խումբերը պիտի յստականան:
Երթին 3 անպատասխան կոլեր նշանակելէ ետք, Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ իր ձեռքէն չձգել մրցումի ղեկը խումբի մը դէմ, որ յաջողութեան ամէն բանալի ունի:
Զարմանալիօրէն Մանչեսթըր Սիթի, հակառակ իր ամէն կարողութիւններուն, սպասուած արդիւնքը ձեռք չի կրնար ձգել ո՛չ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ, ո՛չ ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Ռէալ Մատրիտ, հակառակ Ճուտ Պելինկհամի, Քիլիան Էմպափէի, Ռոտրիկոյի, Ռաուլ Ասենսիոյի, Տաւիտ Ալապայի, Տանի Սեպայոսի, Էտեր Միլիթաուի, Ալվարօ Քարերասի եւ Ֆերլան Մենտիի բացակայութիւններուն, կը շարունակէ իր լաւ արդիւնքները: Լոնտոնի մէջ, Չելսի շատ դժուար պարտականութիւն ունի կատարելիք 3 կոլերու առաւելութիւն ունեցող (5-2) անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:
Նոյն ձեւի դժուար պարտականութիւն ունի նաեւ Փորթուգալի Սփորթինկ Լիզպոնը, որ Նորվեկիոյ մէջ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրած էր երթին` Պոտօ Կլիմթէն: Նորվեկիոյ Պոտօ անծանօթ խումբին քաղաքը ունի 44 հազար բնակչութիւն` եւրոպական մեծ խումբերու ֆութպոլի համակիրներէն աւելի նուազ: Այս խումբը մեծ անակնկալներ կը կատարէ այս տարեշրջանին: Յունուարին պարտութեան մատնելէ ետք Մանչեսթըր Սիթին (3-1) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը (2-1), անոնք դուրս ձգած էին Ինթեր Միլանը (3-1 եւ 2-1), եւ այսօր անոնք կրնան քառորդ աւարտական ալ հասնիլ:
Օրուան ամէնէն հաւասարակշռուած մրցումին, Լոնտոնի մէջ, Արսենալ կը հիւրընկալէ Պայեր Լեւերքուզընը: Երթին, Գերմանիոյ մէջ, Արսենալ 89-րդ վայրկեանին Քայ Հավիերցի կոլին շնորհիւ 1-1 արդիւնքով հեռացաւ դաշտէն:
Այսօր, իր դաշտին վրայ Արսենալ վստահաբար առաւելութիւն ունի եւ նախապէս երկու անգամ 4-1 արդիւնքով կրցած է յաղթել գերմանական ակումբին (2024-ին եւ 2002-ին):
Արսենալ գրեթէ ամբողջական կազմով պիտի մասնակցի, մինչ Լեւերքուզըն բաւական բացականեր ունի, բայց բաւական լաւ թաքթիքով խաղցող խումբ է:
Նշենք, որ այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Պոտօ Կլիմթ – Սփորթինկ Լիզպոն ճակատումի յաղթականը: