Ռէալ Մատրիտի թուրք միջնապահ Արտա Կիւլեր տպաւորիչ ու պատմական կոլի հեղինակ դարձած է Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանին Էլչէի դէմ մրցումին:
Արդարեւ, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումի 89-րդ վայրկեանին, 21 տարեկան Կիւլեր նկատած էր, թէ Էլչէի բերդապահը իր բերդի գիծէն առաջ կը գտնուի, եւ 69 մեթրէն (Ռէալի դաշտի բաժինէն) բաւական երկար լոպ մը կատարած է` նշանակելով մրցանշային կոլ մը, որ եղած էր Ռէալի 4-րդը (4-1):
2004-ին Նումանսիա խումբի մարզիկ Անթոնիօ 67 մեթրէն նշանակած էր Սեւիլիայի բերդին մէջ, եւ անոր կը պատկանէր ամէնէն հեռու կոլը նշանակելու մրցանիշը, Սպանիոյ մէջ: