Նիքիթա Սիմոնեանի Անուան Փողոց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին յարակից փողոցներէն մէկը վերանուանուած է պատմական ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեանի անունով: Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութիւնը:

Որոշումին հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի յաւերժացնել խորհրդային եւ հայկական ֆութպոլի ամէնէն յայտնի ներկայացուցիչներէն մէկուն` Սիմոնեանի անունը: Ան կը նկատուի երկրի մարզական պատմութեան առանցքային գործիչներէն մէկը:

Նիքիթա Սիմոնեան 1956 թուականին ողիմպիական խաղերու ախոյեան էր Խորհրդային Միութեան հաւաքականին հետ, Խորհրդային Միութեան ախոյեան (քանի մը անգամ) եւ բաժակակիր, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրներէն մէկը: Ֆութպոլի իր ասպարէզը աւարտելէ ետք, ան աշխատած է իբրեւ մարզիչ, ինչպէս նաեւ ղեկավար պաշտօններ վարած է ֆութպոլի կառոյցներու մէջ: 1973-ին ան գլխաւոր մարզիչի կարգավիճակով Երեւանի Արարատին հետ շահած է ախոյեանութեան տիտղոսը:

Քաղաքապետարանին մէջ ընդգծած են, որ մարզադաշտին մօտ գտնուող փողոցի վերանուանումը խորհրդանշական է եւ կ՛արտացոլացնէ Սիմոնեանի ներդրումը ֆութպոլի զարգացման գործին մէջ:

Փաստաթուղթը ստորագրուած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Ավինեանի կողմէ եւ ուժի մէջ մտած որոշումին պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս ետք:

 

 

Leave a Comment