21 տարեկան ծայրի յառաջապահ Հարվի Սարաճեան «Էմ. Էլ. Էս. Նեքսթ Փրօ»-ի ախոյեանութեան մրցումներու 3-րդ հանգրուանին կոլ մը նշանակեց եւ էսիսթ մը կատարեց` օգնելով Օրլանտօ Սիթի Բ. խումբին, որ յաղթէ Քարոլայնա Քոր Էֆ. Սի.-ին 3-2 արդիւնքով:
Օրլանտօ մինչեւ 75-րդ վայրկեան կը պարտուէր, բայց կրցաւ տպաւորիչ ձեւով վերադառնալ եւ յաղթել մրցումի վերջին վայրկեաններուն:
Սարաճեան նախ նշանակեց Օրլանտոյի առաջին կոլը, ապա կատարեց 2 էսիսթ 80-րդ եւ 95-րդ վայրկեաններուն` օգնելով Օրլանտոյին, որ բարձրանայ 3-րդ դիրք:
Հարվի մաս կը կազմէ Օրլանտօ Սիթիի հիմնական կազմին ալ, բայց ան ընդհանրապէս պահեստի աթոռներուն վրայ կը մնայ: