Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմի բուն հանգոյցները սկսած են հետզհետէ աւելի տեսանելի դառնալ: Յայտնաբար 2 զինուորական առաջադրանք կայ. երկուքն ալ` ներխուժման տեսքով: Առաջինը` իրականանալի, ամերիկեան ուժերուն կողմէ, երկրորդը` իսրայէլեան: Առաջինին ուղղութիւնը իրանեան Խարք կղզին է, երկրորդը` հարաւային Լիբանանի մէջ, մինչեւ Լիթանի գետի տարածքը:
Նախ կեդրոնանանք առաջինին վրայ: Խարքը Իրանի ուժանիւթային համակարգի կարեւորագոյն կեդրոն է եւ ռազմագիտական առումով անշրջանցելի դեր ունի Հորմուզի ջրանցքի վերահսկողութեան առնչութեամբ: Իսկ Հորմուզը, պարզ է, որ կարեւորագոյն մասնիկ է ընդհանրապէս ապրանքաշրջանառութեան եւ յատկապէս ուժանիւթի ոլորտին մէջ:
Շարունակելով տրամաբանութիւնը, այս պատերազմի հիմնական շարժառիթ է ուրեմն իրանեան բնական հարստութիւններու եւ համաշխարհային առեւտուրի մէջ Իրանի դերը ոչ թէ սահմանափակելու, այլ այդ դերակատարութիւնը վերահսկելու: Այդ վերահսկողութիւնը ռազմական գործողութիւններու միջոցով կը կատարուի, եւ այս պարագային աւելի քան անհրաժեշտ կը նկատուի իրանեան տնտեսութեան հենքի գրաւումը եւ այդ ճամբով Հորմուզի տիրապետումը:
Անվերջ պետական պիւտճէ ուռճացնող, խաղաղութեան հաստատման ջահակիրի դիրքերէն ներկայացող Թրամփի վարչակազմը պատերազմական հսկայածաւալ ծախսերը այս պարագային կ՛ընկալէ ուրեմն ներդրում, հետագային գերշահոյթներ ապահովելու համար: Համաշխարհային մակարդակով շահոյթի աղբիւրներու վրայ ձեռք դնելու եւ այդ բոլորէն հսկայական բաժիններ ստանալու: Անշուշտ ռազմավարական տեսակէտէ դէպի Չինաստան եւ Չինաստանէն դէպի տարածաշրջան մեծ առեւտուրի կենսաճանապարհի տիրապետումը առաջնային հրամայական է Ուաշինկթընի համար: Խնդիրը նաեւ Չինաստանի հետ տնտեսական ծաւալային գործունէութեան մէջ կարեւոր մասնաբաժին ապահովելն է:
Երկրորդ հանգոյցը` իսրայէլեան ներխուժումով կը փորձուի քակել: Իսրայէլ այս օրերուն կը սպառնայ չեղեալ նկատել Լիբանանի հետ ծովային սահմանազատումի համաձայնութիւնը: Իսրայէլ վերցուցած էր արդէն ընդծովեայ ուժանիւթ պարփակող ծովային հատուածը: Հիմա, նման սպառնալիքով կը սպառնայ ծովային ներխուժումով հատել լիբանանեան սահմանը. դարձեալ ուժանիւթի թիրախն է, որ կանգնած է այս սպառնալիքի ետին:
Հարաւային Լիբանան ներխուժումի առաջադրանքը անվտանգային պատճառներով կը պարզաբանուի ընդհանրապէս: Լիթանիի սահմանը սակայն միայն անվտանգային նպատակներ չի հետապնդիր: Ծովայինէն ետք ջրային պաշարներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակը տեսանելի է:
Խարքէն Միջերկրական ծով եւ Լիթանի գետ, երկիրներու գերիշխան իրաւունքներու ոտնահարում է, որ տեղի կ՛ունենայ, բնական հարստութիւններու իւրացում, տնտեսական նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման պատերազմին մէջ գերշահոյթներու ապահովում: Մնացեալը միջոցներ են, կարգախօսներ եւ գործողութիւններու բուն նպատակները թաքցնող գործընթացներ: Թէեւ յաճախ այլեւս ուղղակի եւ բացայայտ յայտարարուած տեսքով: Երբ նախագահ Թրամփ կը յայտարարէ, որ Իրանէն ետք յաջորդ գործողութիւնը Քուպային ուղղուած է, կը նշանակէ, որ կը խօսի շղթայական գործողութիւններու շարքի մը մասին: Վենեզուելա, Կրինլանտ, Իրան, Քուպա: Նախորդները` իրենց երկիրները բնական հարստութիւններու գրաւման տեսքով աւարտած:
Այս բոլորը չեն նշանակեր անշուշտ, որ անպայման առաջադրուածները միահեծան, հեզասահ ձեւով պիտի իրականանան: Եթէ չփոխուին Խարք կղզիի կամ Լիթանի գետի վերահսկողական կարգավիճակները, հետագայ գործընթացները միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահին կամ Իսրայէլի վարչապետին վարկանիշերու անկումով կամ թէական պաշտօնազրկումներով չեն բացատրուիր: Նման արդիւնքներ մտածել կու տան նոր աշխարհակարգի մը մասին` բոլորովին տարբեր պատկերացումներով:
«Ա.»