Կրասնոտարի միջնապահ եւ խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան դարձաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի Սոչիի դէմ հանդիպումի գլխաւոր հերոսը` նշանակելով իր խումբի երկու կոլերը:
Հայաստանի հաւաքականի խմբապետը կը շարունակէ ցուցադրել բարձր մակարդակի արդիւնաւէտ ելոյթներ: Ան այս տարեշրջանին արդէն իսկ ձեռք ձգած է 24 արդիւնաւէտ գործողութիւն` 11 կոլ եւ 13 էսիսթ, 20 մրցումներու ընթացքին: Ան եղաւ նաեւ լիկայի առաջին մարզիկը, որ երկու յաջորդական տարեշրջաններու ընթացքին 10 կոլ + 10 էսիսթ ցուցանիշները կ՛անցնի:
Կրասնոտար 5-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Սփերձեանի: Սոչի 88-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը, սակայն հանդիպումի 95-րդ վայրկեանին անվիճելի փենալթին կոլի վերածեց Սփերձեան, որ 3 կէտերը պարգեւեց իր ակումբին:
46 կէտով Կրասնոտար կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` մէկ կէտի առաւելութեամբ Զենիթի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սպարտակ Մոսկուային: Լոքոմոթիւ Մոսկուա կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: