Բռնցքամարտ. Հայ Բռնցքամարտիկները Աւարտեցին Իրենց Ելոյթները «Ֆիուչըրզ Քափ»-ին Գծով

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները Պանքոքի մէջ (Թայլենտ) տեղի ունեցած միջազգային «Ֆիուչըրզ քափ» (19 տարեկանէն վար) մրցաշարքին, որ կը հանդիսանար ամառնային ողիմպիական խաղերու զտումի պարտադիր հանգրուաններէն մէկը:

Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով միայն 3 հայ բռնցքամարտիկներ կրցած էին հասնիլ Թայլանտ` սահմանափակ թիւով տոմսեր ըլլալուն պատճառով:

60 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարէն Զախարեան հասաւ մինչեւ 1/8-րդ հանգրուան` պարտութեան մատնելէ ետք Եգիպտոսի եւ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչը, բայց ան պարտուելէ ետք ուքրանացի իր մրցակիցէն դուրս մնացած էր:

65 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Սուրէն Կատվալեան իր կարգին հասած էր 1/8-րդ հանգրուան: Հայ մարզիկը մրցաշարքը սկսած էր յաղթանակով` Սէուտական Արաբիան ներկայացնող մրցակիցին դէմ, բայց յաջորդ մենամարտին ան պարտուած էր Միացեալ Նահանգներու մրցակիցէն եւ դուրս մնացած:

50 քկ կշիռի մրցումներուն Տիգրան Կիրակոսեան իր առաջին մրցումին իսկ պարտուած էր Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչէն եւ դուրս մնացած:

Նշենք, որ առայժմ անյայտ է, որ արդեօք հայ բռնցքամարտիկներ պիտի կարենա՞ն մասնակցիլ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն: Ճիշդ է, որ «Ֆիուչըրզ քափ» միջազգային մրցաշարքը զտումի պարտադիր հանգրուան մըն էր, սակայն տակաւին յստակ չեն մասնակցութեան ճիշդ չափանիշերը:

Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ եթէ Միջին Արեւելքի պատերազմը երկարի, շատ հաւանաբար Ողիմպիական խաղերը յետաձգուին:

 

 

Leave a Comment