Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն վերահաստատած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին իր աջակցութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` Ֆրանսայի նախագահը այս մասին գրած է «Էքս»-ի վրայ` մանրամասնութիւններ յայտնելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ:
«Շրջանի ղեկավարներու հետ իմ խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ զրոյց ունեցայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն յայտնեցի մեր աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը` Իրանի իր երկրին ուղղած հարուածներէն ետք:
«Ես նաեւ շնորհակալ եմ Ազրպէյճանին` մեր քաղաքացիներու տարհանման հարցին մէջ ցուցաբերած օգնութեան համար:
«Ես այս առիթէն օգտուեցայ` վերահաստատելու մեր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ մեր ցանկութիւնը` շարունակելու երկկողմանի երկխօսութիւնը Պաքուի հետ աւելի ամուր հիմերու վրայ», գրած է Մաքրոն: