«Եու. Է. Էֆ. Ա.» կարգապահական որոշում կայացուցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին գծով Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ – Պենֆիքա (2-1) հանդիպումին վերաբերեալ: Մատրիտեան ակումբը մեղաւոր նկատուած է համակիրներու ցեղապաշտական եւ խտրական կանչերուն համար:
Կարգապահական մարմինին կայացուցած որոշումին համաձայն, մատրիտեան ակումբը 15 հազար եւրոյի տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հովանիին տակ յաջորդ հանդիպումին համար Ռէալի մարզադաշտը մասնակիօրէն կը փակուի` սահմանափակելով հարաւային թրիպիւնի վարի 500 նստարաններու մուտքը:
Կը նշուի, որ թրիպիւնին մասնակի փակումը կը կրէ պայմանական բնոյթ, ակումբին համար պիտի սահմանուի 1 տարուան փորձաշրջան:
Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանին Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթիին դէմ: