Յառաջիկայ ամրան Լոնտոնի Արսենալ ակումբը ստիպուած պիտի ըլլայ իր կազմէն մարզիկներու թիւը նուազեցնել` Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի նիւթական կանոնները չխախտելու նպատակով:
Ըստ «Տը Թելեկրաֆ»-ի հիմնական թեկնածուներէն մէկն է խմբապետ Մարթին Օտըկարտ: Բացի նորվեկիացի միջնապահէն, ակումբին երկու սաները` Իթըն Նուաների եւ Մայլզ Լուիս-Սքելի կրնան իրենց կարգին հեռանալ:
«Տը Թելեկրաֆ» կ՛աւելցնէ, որ մեծ հաւանականութեամբ ակումբը կրնան լքել նաեւ ծայրի յառաջապահ Կապրիել Մարթինելի եւ յետսապահ Պեն Ուայթ:
Աւելցնենք, որ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան, Միքել Արթեթայի գլխաւորած Արսենալը կը գլխաւորէ պարագլուխի դիրքը: