«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Կը Սկսի Տարեշրջանը` Բազմաթիւ Հարցականներով

Երէկ Մելպուռնի «Ալպերթ Փարք» շրջավազքին վրայ տեղի ունեցան վաղուան «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանի բացման մրցումի առաջին փորձերը` բազմաթիւ հարցականներով:

Առաջին եւ ամէնէն մտահոգիչ հարցականը այն էր, թէ 12 եւ 19 ապրիլին Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք կրան փրիները պիտի յետաձգուի՞ն, թէ՞ ջնջուին:

Անշուշտ ասիկա` Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, ինչ որ ճամբորդութեան դժուարութիւն ստեղծած է օդային սահմաններու փակուելէն ետք: «Էֆ.Այ.Էյ.» արդէն իսկ յետաձգած է Քաթարի մէջ ինքնաշարժներու այլ մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենար 26-էն 28 մարտին:

Այժմ ոչ մէկ որոշում տրուած է, բայց «Ֆորմիւլա 1»-ի պատասխանատու մարմինը եւ «Էֆ.Այ.Էյ.» կարճ ժամանակէն պէտք է որոշում կայացնեն, մանաւանդ որ կրան փրիներու նախապատրաստութիւնները կը սկսին մրցումէն շաբաթ մը առաջ:

Շրջավազքին գծով հարցական մը եւս կայ, թէ խումբերը նոր ձեւի օրէնքներով ինչպիսի՛ ելոյթ պիտի ունենան մանաւանդ «Քատիլաքի» նման նոր խումբի մը պարագային, որ ոչ մէկ փորձառութիւն ունի «Ֆորմիւլա 1»-ի մէջ, բայց փորձառու վարորդներու վստահած է:

Ինչպէս նշած էինք, այս տարուան ինքնաշարժներուն ուժը 50 տոկոս բաժնուած է թիւրպօ 1,6 լիթըր 6 սիլինտըր մեքենայի ուժի եւ 50 տոկոս բարդի ուժի միջեւ: Բարդը կը լեցուի միայն վարորդներուն արգելակը (ֆրեն) գործածելու պահուն, այնուհետեւ անգամ մը եւս վարորդներուն հմտութեան կը մնայ ինքնաշարժներուն ուժը բաժնելը:

Երկու նախկին փորձերուն` Պարսելոնայի եւ Պահրէյնի մէջ, զգալի էր, որ «Ֆեռարի» ու «Մերսետես» մնացեալ ինքնաշարժներէն աւելի լաւ էին, բայց «Մաքլարեն» երէկ Մելպուռնի առաջին փորձերուն չնչին առաւելութիւն ունէր «Մերսետես»-ի վրայ, մինչ «Ֆեռարի» այդքան ալ հեռու չէ:

Օսքար Փիասթրի իր «Մաքլարեն»-ով պիտի փորձէ իր հայրենիքին մէջ յաղթանակ ձեռք ձգել, մինչ վերջին 5 տարիներուն 4 անգամ ախոյեան Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ի նոր մեքենայով («Ֆորտ») կրնայ անակնկալի բերել բոլորը:

Շատ հարցումներ կան, որոնց պատասխաններուն մէկ մասը վաղը առաւօտ կը ստանանք:

 

Leave a Comment