ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ
Մարտ ամսուան ընթացքին մենք կը նշենք զանազան տօներ, ինչպէս` գարնան առաջին օրը, Ուսուցչաց տօնը եւ յատկապէս 8 մարտը, որ հռչակուած է Կիներու միջազգային օր:
Կիները, սակայն, միայն այս օրը չեն աշխատիր պահանջելու իրենց իրաւունքները եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու` ոչ միայն ընտանեկան, ընկերային կեանքին մէջ, այլ նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական մարզերու մէջ: Մարտ 8-ն կարծէք հաշուետուութեան օր մըն է ամփոփելու եւ ներկայացնելու հետապնդուած աշխատանքը, իրագործուած նուաճումները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնելու այս առումով գործող կառոյցներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Այս տարի, քաղաքական այս դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ Միջին Արեւելքը վատ օրեր կ՛ապրի, պատերազմի ահազանգը մեր չորս կողմն է, ահաւասիկ կիները իրենց իրաւունքներուն մասին կը խօսին: Որո՞ւ հոգն են կիները, երբ երկիրներ զիրար ջախջախելու տրամադրութեան եւ կացութեան մէջ են: Այո՛, ճիշդ է այս իրականութիւնը, սակայն անդին երբ մտածենք, եթէ կիները որոշումներու տուչութեան սեղաններու վրայ կը գործեն, թերեւս խելացիութեամբ կրնան աւելի արագ եւ դիւրին լուծումներու յանգիլ: Սակայն պէտք է իրենց այդ առիթը տրուի:
Դարձեալ պիտի չանդրադառնանք այն պատմականին, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առաւ Կիներու միջազգային օրը` 1909-ին, 1908-ին գործադուլի մը լոյսին տակ, երբ կիներ բողոքեցին իրենց աշխատանքային պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձին դէմ: Այդ բոլորէն ետք կազմակերպուած հաւաքներն ու տօնակատարութիւնները եղան առիթներ, որոնց ընթացքին պահանջուեցաւ վերջ տալ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, եւ 8 մարտը Կիներու միջազգային օրը նշելու առիթ դարձաւ, ձեւով մը` աւանդութիւն:
Սակայն Կիներու միջազգային օրը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 1977-ին, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը հրապարակեց բանաձեւ մը, որուն հիման վրայ 8 մարտը հռչակուեցաւ Կիներու իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան միջազգային օր` նկատի ունենալով կիներուն ջանքերը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի բռնարարքներու կասեցման առումով:
Իւրաքանչիւր տարի ան կը տօնուի յատուկ եւ նոր թեմայով մը` առկայ հարցերուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն համաձայն:
Այս տարուան թեման է «Better access to social Justice»` «Աւելի լաւ մօտեցում` ընկերային արդարութեան»: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Կիները եւ աղջիկները աշխարհի ամէն կողմ տակաւին արդարութեան ու օրէնսդրական գետնի վրայ ունին մարտահրաւէրներ, որոնց պատճառով կիները ետ կը մնան եւ համաշխարհային գետնի վրայ ուժերու անհաւասար բաժանումը կը շարունակուի, իսկ այս բոլորը կը պատճառեն կնոջ աղքատութիւնը: Այս երեւոյթէն մեկնած` պէտք է զարկ տալ կնոջ ուժականութեան, բոլոր ձեւերով արգիլելով ամէն տեսակի բռնութիւն եւ խտրականութիւն կնոջ հանդէպ, որովհետեւ նախախնամութեան պարգեւած այս հաւասարութիւնը չի կիրարկուիր իր լիիրաւ իմաստով: Այս մէկը յստակ է բոլոր այն ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն, որոնք վերջին տասնամեակներուն կատարուեցան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ (ՄԱԿ), եւ հրապարակուած տեղեկագիրները ցոյց տուին այս խտրականութիւնը կնոջ հանդէպ: Միշտ ալ արական սեռը գերադաս նկատուած է, իսկ իգական սեռը` ենթակայ եւ ստորադաս:
Լիբանանի մէջ մարդկային իրաւունքներէ բխած եւ, լիբանանեան սահմանադրութեան համաձայն, այր եւ կին իրաւունքներու առումով հաւասար են բոլոր մարզերու մէջ անխտիր: Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի ուխտին եւ մարդկային իրաւունքներու յայտարարութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ CEDAW-ի (Committee of elimination and descrimination against women) համաձայնագիրին:
Սակայն դժբախտաբար այսօր`
– Լիբանանի մէջ դատապարտելի է այն դրութիւնը, որով լիբանանցի մայրը իր զաւակին չի կրնար քաղաքացիութիւն շնորհել: Վերջերս լիբանանեան կառավարութիւնը լիբանանցի քաղաքացիութիւն շնորհեց ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին: Հոյակապ էր այս գաղափարը եւ թերեւս ան պիտի օգնէ, որ շատ մը լիբանանցի մարզիկներ առաջնահերթ կերպով օգտուին այս անձին դերակատարութենէն լիբանանեան մարզական կեանքէն ներս: Սակայն եթէ պահ մը մտածենք, թէ որքան լիբանանցի մայրերու զաւակներ` օտար հայրերէ, օտարութեան եւ պանդխտութեան ճամբան բռնած են իրենց օրապահիկը ճարելու համար պարզապէս որովհետեւ հոս ծնած եւ մեծցած զաւակները զուրկ են տակաւին իրենց լիբանանեան իրաւունքէն:
– Լիբանանի մէջ ցարդ բռնաբարութեան դէմ օրէնքներ չեն մշակուած կինը պաշտպանելու: Կողմնակի եւ փոքր փոփոխութիւններ կրած են որոշ օրէնքներ, եւ թէժ գիծ մը գոյութիւն ունի ընտանեկան բռնութեան դէմ տեղեկագրելու եւ անկէ պաշտպանուելու, սակայն տակաւին գլխաւոր օրէնքներ Օսմանեան շրջանէն մնացած են եւ ի զօրու են պետական յարկերէն ներս:
– Լիբանանի մէջ, հակառակ կնոջ ստացած բարձր ուսումին եւ վկայականներուն, կիներուն միայն 22 առ հարիւրը կը գործեն, մինչ տղամարդոց` 71 առ հարիւրը: (Այս տեղեկութիւնը քաղուած է 2022 ապրիլի UN Women Statistics-ի տուեալներէն):
– Լիբանանի մէջ աշխատող կիներուն նիւթական վարձատրութիւնը 27 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի ցած է այր մարդոցմէ, որոնք նոյն պաշտօններուն վրայ են:
– Լիբանանի մէջ տարբեր դաւանանքներու մօտ դատաստանական խորհուրդներուն տուած վճիռները մեծ մասամբ տղամարդոց ի նպաստ կ՛ըլլան եւ ոչ կիներուն:
– Լիբանանի մէջ առաջին կարգի պաշտօններուն վրայ 8 առ հարիւրը կիներ են, իսկ 92 առ հարիւրին` տղամարդիկ:
– 2022-ի Gender Gap Statistics-ով Լիբանանը 149-րդ տեղը կը գրաւէ 153 երկիրներու մէջ, ուր քաղաքական գործունէութիւնը այրերը ստանձնած են, իսկ կիները կը կատարեն տարբեր ստորադաս պարտականութիւններ:
Այս բոլորին պատճառով Լիբանանը կը դասուի համաշխարհային ցանկի վերջին 8 վատ երկիրներէն մէկը, իսկ քաղաքական գետնի վրայ վերջինէն 3 աստիճան առաջ` կնոջ իրաւունքներու եւ հաւասարութեան չափանիշով: Հակառակ անոր որ Լիբանան ընկերվարական երկիր մըն է, պետական եւ հանրային պաշտօնները միշտ այր մարդուն կը տրամադրուին: Ներկայիս կան 8 կին երեսփոխան (6,25 տոկոս) 128 ընդհանուր երեսփոխաններուն մէջ, եւ 2025-ին նշանակուեցան 5 կին նախարարներ, այսինքն 21 տոկոս կառավարութեան մէջ: Ասիկա` հակառակ անոր որ 2000 թուականին ՄԱԿ-ի 1325-րդ բանաձեւի համաձայն, կնոջ ներդրումը խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման մէջ յստակօրէն կը պահանջուէր 33 առ հարիւր չափաբաժինով` սկզբնական շրջանին, մինչեւ որ այդ մէկը իրականութեան վերածուի կնոջ տարած փայլուն յաջողութիւններով ու հասնի 50 առ հարիւրի, այսինքն` հաւասարութիւն այր եւ կնոջ միջեւ:
Մարտ 8-ին առիթով կը շնորհաւորեմ լիբանանցի բոլոր կիները եւ մանաւանդ լիբանանահայ կիները եւ կը մաղթեմ, որ մօտիկ ապագային անոնց ներդրումը ըլլայ յստակ եւ գործնական` ազգային, պետական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ, որովհետեւ այդ մասնակցութիւնը պիտի օգնէ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման վերելքին: