Մոնտիալէն 100 Օրեր Առաջ. Ուալիտ Ռեկրակի Լքեց Իր Պաշտօնը

Մարոքի ազգային խումբի մարզիչ Ուալիտ Ռեկրակի իր հրաժարականը յայտարարեց հինգշաբթի գիշեր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

2026-ի Մոնտիալէն մօտ 100 օրեր առաջ անակնկալ որոշում մըն էր ասիկա: Ռեկրակի, իրեն հետ ունենալով Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆաուզի Լեքժաան, ներկայացաւ մամլոյ ասուլիսին:

«Խումբը թարմ դէմքի կարիք ունի, տարբեր ուժ, նոր հեռանկարով` նոր մարզիչ: Կը կարծեմ, որ խումբը նոր մղիչ ուժի կարիք ունի Մոնտիալէն առաջ, որպէսզի նոր թափով յառաջանայ: Իմ հեռանալու որոշումս այս յառաջդիմութեան համար է», ըսաւ Ռեկրակի:

50 տարեկան Ռեկրակի 2022-ի Մոնտիալին կրցած էր Մարոքը կիսաւարտական հասցնել առաջին ամերիկեան եւ արաբական երկիրը ըլլալով, բայց քննադատութեան աղբիւրի վերածուած էր, երբ Ափրիկէի ախոյեանութեան աւարտականին պարտուած էր Սենեկալէն անցեալ յունուարին:

Լեքժաա յայտարարեց, որ Մոհամետ Ուահպի, որ Մարոքի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) խումբին հետ Մոնտիալը շահած էր, պիտի ըլլայ Ռեկրակիի փոխանորդը:

49 տարեկան պելճիքացի-մարոքցի Ուահպի, որ առաջին անգամ ըլլալով երէցներու խումբ պիտի ղեկավարէ, նախապէս մարզած է նաեւ Մարոքի 23 տարեկանէն վար ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Անտըրլեխթի տարիքային խումբերը:

Ուահպի յայտնեց, որ Ժոաօ Սաքրամենթօ պիտի ըլլայ իր օգնականը: Փորթուգալցի Սաքրամենթօ նախապէս եղած է Փարիզ Սեն Ժերմենի օգնական մարզիչ, ինչպէս նաեւ Ժոսէ Մուրինիոյի օգնականը` Ռոմայի եւ Թոթենհամի մէջ:

Leave a Comment