Հրաձգութիւն. Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ողիմպիական խաղերու մասնակցած հայ մարզիկ Էլմիրա Կարապետեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 2026-ի Եւրոպայի հրաձգութեան ախոյեանութեան արծաթ մետալ նուաճեց 8 ամսու յղի վիճակին մէջ:

Ան ցուցադրեց բարձր պատրաստուածութիւն, տոկունութիւն եւ վարպետութիւն` բարձրանալով պատուոյ հարթակ:

Էլմիրա Կարապետեան 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի աղջկանց փոխախոյեան դարձաւ, մինչ ոսկի մետալ շահեցաւ հունգարացի Վերոնիքա Մայոր:

Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած շարժող թիրախ բնական վազքի մարզաձեւին աւարտականը զուտ հայկական էր: Լիլիթ Մկրտչեան 8-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գոհար Յարութիւնեանը: Մկրտչեան իր ասպարէզին ընթացքին 4-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Յարութիւնեան դարձաւ փոխախոյեան:

Շարժող Թիրախի խառն զոյգի մրցումներուն, Հայաստանէն ներկայացած էին երկու խումբեր` Գոհար Յարութիւնեան-Գոռ Խաչատրեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան – Հայկ Մինասեան զոյգերը:

Աւարտականին Լիլիթ – Հայկ զոյգը 6-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ուքրանիան ներկայացնող Վիքթորիա Ռիպալովա – Տանիլօ Տանիլենքօ զոյգէն 6-3 արդիւնքով` դառնալով արծաթէ մետալակիր:

 

 

Leave a Comment