«Եու. Էֆ. Սի.» թեթեւ կշիռի կարգի յառաջատար մարտիկ Արման Ծառուկեան Կրեփլինկի կանոններով վրէժի մենամարտ պիտի ունենար Ճիորճիօ Փուլասի դէմ: Անցեալ շաբաթավերջին «ՌԱՖ 06» մրցաշարքին երկու մարտիկները մրցած էին իրար դէմ, եւ Ծառուկեան 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք հարուածած էր իր մրցակիցը, միջադէպ մը, որ աւելի ուշ վերածուած էր զանգուածային քաշքշուքի եւ ծեծկռտուքի:
Մենամարտը տեղի պիտի ունենար 11 մարտին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայանալիք «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին:
Սակայն մրցակից Փուլաս կը նախընտրէ վրէժի մենամարտը կատարել ՌԱՖ-ի հովանաւորութեան տակ: Արման Ծառուկեան այս մրցումներուն կը մասնակցի պարզապէս պատրաստ մնալու «Եու. Էֆ. Սի.»-ի իր յաջորդ մրցումին, որ կրնայ ըլլալ տիտղոսի մրցում` Մաքս Հոլոուէյ – Չարլզ Օլիվէյրա մրցումին յաղթականին դէմ: