Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին կ՛ամբողջանայ մեր թերթին 100-ամեակը: Թղթային մամուլի հետզհետէ խորացող ճգնաժամի այս պայմաններուն, խորհրդածութեան բազմաթիւ ուղղութիւններ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն:

«Ազդակ»-ի ապրած հոլովոյթը անպայման պէտք է լոյսին բերել. փորձել օրուան քաղաքական, հասարակական, մշակութային բազմահանգամանք պայմանները լաւապէս ընկալել, «Ազդակ»-ի ծննդոցին բուն շարժառիթները բացայայտելու համար: Խմբագրական-մանիֆեստով արտայայտուող միտքերուն հեռանկարայնութիւնը պէտք է ընդգծել անպայման` արդէն դար մը ապրած այս պաշտօնաթերթին  անցած մայրուղիին եւ անոր ընթացքին պատահած արկածներուն, ճանապարհային կանգառներուն, երթեւեկութեան լոյսերու փոխանցած ազդանշաններուն, հարթեցման աշխատանքներուն: Բայց նաեւ, հակառակ ապակողմնորոշման ցուցանակներու պարագայական երեւումներուն, ուղիի անշեղ ընթացքի շարունակութեան:

Ահաւասիկ այդ շարունակականութիւնն է, որով մամուլի այս հսկան կ՛ապրի եւ կ՛ինքնանորոգուի, տպագիր տեսքով ամէն օր, ելեկտրոնային կարգավիճակով` ամէն վայրկեան:

«Ազդակ»-ի պատմութիւնը յետցեղասպանական սերունդի իրագործումներէն կը սկսի` սփիւռքի կազմակերպումէն քաղաքականացում, ապա Հայ դատ անկախութեան գաղափարը վառ պահելու գաղափարախօսական պայքար, մշակոյթի ծաղկում, կրթական քաղաքականութիւն. մինչեւ վերանկախացում, արցախեան ազատամարտ, երկու հանրապետութիւններու կերտում եւ Արցախի կորուստ: Այս հոլովոյթն է, որ թերթային, լրատուական, խմբագրական եւ վերլուծական հայեացքներով կ՛արտացոլայ հարիւրամեայ մամուլի էջերուն, առանց շրջանցելու միջազգային քաղաքականութիւնը, մարզականը, երիտասարդականն ու մանկապատանեկանը:

«Ազդակ»-ը սակայն միայն հարիւրամեայ արխիւ չէ: Արխիւը ուղենիշ է նորը կերտելու, մամուլի առաքելութիւնը արդիականացնելու եւ ինչպէս 1920-ական թուականներուն գծուած հեռանկարը, այնպէս նաեւ այսօր` ապագայահայեաց աշխատելու:

Ատոր համար են վարժողական ծրագիրները, երիտասարդ աշխատակիցներու ներգրաւման փորձերը, երիտասարդական յաւելուածներն ու հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ յօդուածագիրները քաջալերող զանազան նախաձեռնութիւնները:

Ուղին կը շարունակուի: Ճանապարհները նոր տեսակի ասֆալթներով պատուած են գուցէ: Լուսաւորումները երբեմն շլացուցիչ են եւ տեսողութիւնը կը խանգարեն: Մշուշապատ հատուածներ եւս կ՛ակնկալուին այդ ճանապարհին ընթացքին:

«Ազդակ» անպայման  լոյսով կը ճեղքէ մառախուղը եւ կը շարունակէ իր լոյսին երթին հետեւող շրջանակը:

Հարթ բայց ոչ ապահով, լուսաւորուած, սակայն մշուշոտ, երթեւեկութեան լոյսերով եւ ցուցանակներով օժտուած, սակայն ոչ ճիշդ կողմնորոշող ուղիներ կը բացուին «Ազդակ»-ին առջեւ: Կայ սակայն հիմնադիր խմբագիրներուն թերթի էջերուն ամրագրած ճանապարհային քարտէսը, որուն ուղղութիւններով կ՛ընթանայ այս թերթը ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր:

Այդ ճանապարհային քարտէսը գծողները այնքան ազգային առաջնահերթութիւններով առաջնորդուած են, այնքան պետականամէտ ուղղութիւն ճշդած եւ այնքան պայծառատեսիլ ձեւով ճշդած, թէ ո՛ւր կ՛ուզեն հասցնել այս երթը, որ «Ազդակ»-ին ապահոված են անխափան ուղեւորութիւն: Ահաւասիկ 100 տարիէ ի վեր:

 

 

Leave a Comment