Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուեցաւ, Անոր Արգիլուեցաւ Լքել Երկիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նկատմամբ` Արման Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով, կը յայտնէ փաստաբան Արա Զոհրաբեան:

«Արգիլուած է վեհափառ հայրապետի ելքը Հայաստանէն, ինչով փորձ կը կատարուի ձախողեցնել Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովը», նշած է Զոհրաբեան` աւելցնելով. «Վարչապետը երէկ յայտարարած էր, որ թոյլ պիտի չտայ, որ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս գայ: Ակնյայտ էր, որ այդ յայտարարութեան պիտի հետեւէին այսպիսի գործողութիւններ»:

Դատախազութիւնը կը հրաժարի այս մասին տեղեկութիւններ յայտնել:

Ուրբաթ օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, թէ «թոյլ պիտի չտայ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանիլ»: Վարչապետը նշած էր, թէ տեղեկութիւն ունի, որ կաթողիկոսութիւնը կ՛ուզեն տեղափոխել, եւ նախապէս հրապարակուած նամակը ստորագրողներն ալ կը փորձեն ատիկա կազմակերպել: Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ յայտարարած էին, թէ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան վրայ «հետեւողական յարձակումները եւ անոր առաջնորդի հարկադրական հեռացման սպառնալիքները» ուղղակի սպառնալիք են աշխարհի բոլոր հայերուն համար:

16-19 փետրուար Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած է Եպիսկոպոսաց ժողովը:

 

Leave a Comment