Հայ խառն մարտարուեստի մարտիկ (Էմ.Էմ.Էյ.) Արթուր Ասոյեան (56.7 քկ) յաջող ելոյթներէ ետք հասաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտական:
Պելկրատի (Սերպիա) մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Ասոյեան պարտութեան մատնեց ուքրանացի Սթանիսլաւ Տրեմիլուկան եւ հասաւ կիսաւարտական:
Ասոյեանի կիսաւարտականի մրցակիցն ալ այլ ուքրանացի մըն է` Նազար Թարասեւիչ: Մրցակիցը շատ բարձր մակարդակի մարտիկ մըն է, եւ աւարտական հասնելու համար Ասոյեան պէտք է շատ լաւ ելոյթ ունենայ:
Արթուր Ասոյեան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչն է 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն: Կիսաւարտական հասնելով ան արդէն իսկ ապահոված է առնուազն պրոնզ մետալ մը:
Աւելի կանուխ, պատանիներու մրցումներուն, պրոնզէ մետալ նուաճած էր Ռաֆիկ Ալեքսանեան: