«Էն.Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Հիուսթըն Ռոքեթց Կը Շրջէ Արդիւնքը

Սթեֆըն Քեսըլ 40 կէտով թրիփըլ տապըլ իրագործեց եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 138-125 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տալաս Մեւրիքսին:

2025 լաւագոյն ռուքի (սկսնակ) մարզիկը  ընտրուած Քեսըլ 40  կէտերու կողքին 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց, 3 սթիլ եւ պլոք մըն ալ կատարեց: 21 տարեկանին Քեսըլ դարձաւ 3-րդ մարզիկը, որ այս տարիքին 40 կէտով թրիփըլ-տապըլ  կ՛իրագործէր Լըպրոն Ճէյմսի եւ Լուքա Տոնչիչի ետին: Ան միացաւ պատմական Տէյվիտ Ռոպինսընին իբրեւ Սփըրզի միակ մարզիկ, որ յաջողած է 40 կէտով թրիփըլ¬տապըլ իրագործել: Քլէյ Թոմփսըն 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, մինչ ռուքի Քուփըր Ֆլակ 14 կէտ նշանակեց` աւարտելով իր 4 մրցումներու շարքը, ուր 30-է աւելի կէտեր նշանակած էր:

19 տարեկան Ֆլակ կռնակի ցաւ ունէր եւ չմասնակցեցաւ 4-րդ մասին:

Երկրորդ մասին 15 կէտերով ետ մնալէ ետք Հիուսթըն Ռոքեթց ինքզինք գտաւ եւ 112-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 2025-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը:

Թանտըր, որմէ կը բացակայէր Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր, չկրցաւ զսպել Քեւըն Տիւրենթն ու Ալփերեն Շենկիւնը, որ թրիփըլ տապըլ իրագործեց:

Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.

Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 138-125
Օրլանտօ Մեճիք – Եութա Ճեզ 120-117
Աթլանթա Հոքս – Չարլոթ Հորնեթց 119-126
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց 120-136
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 105-99
Ֆինիքս Սանզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 103-109
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 122-115
Սաքրամենթօ Քինկզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 126-132
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Հիուսթըն Ռոքեթց 106-112
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 127-113

 

Leave a Comment