Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Շիյահի դաշտին վրայ` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ:

Անհատաբար ՀՄԸՄ աւելի որակաւոր մարզիկներ ունի, բայց պէտք է ըսել, որ մրցակից խումբի օտարները բաւական բարձր  մակարդակի մարզիկներ են, անոնցմէ Տանիէլ Հեմիլթըն, Թրէյ Ճեքսըն եւ Էյ.Ճէյ. Ինկլիշ եթէ իրենց լաւ օրերուն մէջ ըլլան, կրնան լուրջ «գլխու ցաւեր» պատճառել:

Երթին ՀՄԸՄ 104-99 արդիւնքով կրցած էր յաղթել, անցեալ հոկտեմբերին ալ «Չելընճ Քափ»-ի կիսաւարտականին 5 կէտի առաւելութեամբ նոյնպէս կրցած էին ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթել (84-89):

Մրցակից խումբի մարզիկներուն լաւ օրերուն մէջ ըլլալն ալ շատ անգամ մեզմէ կախեալ է, եթէ զանոնք հանգիստ ձգենք, կրնան փայլիլ, իսկ եթէ լաւ պաշտպանենք, մենք կրնանք յաղթել:

Վերջին մրցումներուն ՀՄԸՄ քիչ մը անկայուն   վիճակ ունի, ուր նոյն մրցումին ընթացքին խումբը տարբեր ձեւով կը խաղայ: Մէկ մասի ընթացքին 37 կէտ կը նշանակուի, իսկ յաջորդին` 20: Նոյն ձեւով մասի մը (10 վայրկեան) ընթացքին լաւ կը պաշտպանենք` ստանալով 18-19 կէտեր, բայց այլ մասի մը 33 կէտ կը ստանանք:

Տակաւին լուծում չկրցանք գտնել պաշտպանողական ոճէն արագ յարձակելու («թրենզիշըն») անցնելու: Եթէ լաւ պաշտպանենք, ուր 3-4 մարզիկներ տակաւին ետեւ կ՛ըլլան եւ մարզիկ մը դէպի մրցակից կողով կը մօտենայ, քիչ մը շուարած վիճակի մէջ կ՛ըլլայ, մանաւանդ երբ իր դէմ ունենայ բարձրահասակ սենթըր մը:

Տարեշրջանին սկիզբը  շատ կէտեր կը նշանակէինք մեր արագ խաղաոճով, բան մը որ լաւ ընթացքի մէջ էր, բայց զօրաւոր պաշտպանող եւ բարձր թաքթիքով խաղցող խումբերու դէմ մեր տկար կէտերը երեւան ելան: Այժմ շատ աւելի լաւ կ՛աշխատցուի պաշտպանողականին վրայ, բայց վերստին մեր ոճին վերադառնալու այդ ընթացքը շատ անգամ  չի յաջողիր:

Յոյսով, որ այդ արագ փոփոխութիւնը (երկու ոճերու) աւելի «սահուն» ձեւով կ՛որդեգրուի, եւ այսօր կրնանք յաղթական վերադառնալ Պէյրութի դաշտէն:

Շաբաթ գիշեր շատ գեղեցիկ մրցումի մը ընթացքին ախոյեան Ռիատի կրցաւ պարտութեան մատնել «յամառ» Սանթրալը (96-90)` այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Ասիկա 18-րդ յաղթանակն էր Ռիատիին 18  մրցումներու ընթացքին, մինչ Սանթրալ կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը: Ռիատիէն եւ Սաժեսէն (3 պարտութիւն) անկախ միայն Սանթրալ 7 պարտութիւն ունի ՀՄԸՄ-ի նման, եւ յառաջիկայ երկուշաբթի շատ կարեւոր պիտի ըլլայ անոնց դէմ ճակատումը, որ կրնայ վճռել 3-րդ դիրքի պայքարի յաղթականը:

Բայց այժմ կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ այսօրուան մրցումին վրայ` Շիյահի դաշտին վրայ, 15-րդ հանգրուանէն յետաձգուած այս մրցումին:

 

Leave a Comment