Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ներկայ ընտրական օրէնքը որակեց «կաղ, համայնքայնութիւնը ամրագրող, եւ գործնական գետնի վրայ ցոյց տուաւ, թէ բազմաթիւ բացեր կը բովանդակէ: Անոր բարեփոխումը կամ փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ ընտրութիւններու ժամկէտի ճշդում, եւ ատոր շուրջ պէտք է ներքին համախոհութիւն ըլլայ, բան մը, որ ապահովուած չէ»:
«Գնդակը կառավարութեան դաշտն է, եւ ոչ թէ` խորհրդարանին, եւ անիկա պէտք է իր լիազօրութիւնները եւ օրէնքով անկէ պահանջուած աշխատանքը կատարէ ընտրութիւններէն 90 օր առաջ թեկնածութեան առաջադրման դուռը բանալու, ապա անոնց կայացումէն երկու ամիս առաջ քուէարկողները հրաւիրէ», ըսաւ ան:
«Օրէնքի բարեփոխում կատարելու համար ժամանակը այլեւս կարճ է», նշեց Պու Սաապ:
«Ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց ժամկէտին, եւ ընտրական օրէնքի որեւէ բարեփոխում անոնց կայացման ժամկէտի բարեփոխում կը նշանակէ», շեշտեց խորհրդարանի փոխնախագահը: