Պըրրի. «Կը Գտնուինք Յուլիոս Կեսարի Կողմէ Իշխուող Աշխարհի Մը Մէջ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս Միտիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի չորեքշաբթի օր գումարուած զինուորականներու եւ առանց քաղաքայիններու մասնակցութեան ժողովը «արդիւնք է այն բանին, որ ամերիկացիները խնդիր ստեղծեցին` անոր մէջէն ֆրանսացիները գործընկերի դերէն հեռացնելով, որպէսզի իրենք եւ Իսրայէլը կարենան անոր աշխատանքը մենաշնորհել եւ զայն խոչընդոտել: Վերջապէս, մենք եւ ամբողջ աշխարհը եղանք միակ կայսրին ձեռքը»:

«Աշխարհի վրայ հիմա միայն մէկ պետութիւն կայ, եւ անոր մէջ միայն մէկ կայսր կայ: Կը գտնուինք Յուլիոս Կեսարի կողմէ իշխուող աշխարհի մը մէջ», աւելցուց ան:

«Հարաւի մէջ առօրեայ կերպով տեղի ունեցողին սահմանափակումներ չկան` առանց յանձնախումբին իր պարտականութիւնները կատարելու կարող դարձնելու: Մենք ընդհանուր պատկերին մէկ բաժինն ենք», նշեց Պըրրի` աւելցնելով. «Ամբողջական պատկերի երեւոյթներէն մէկը վերջերս տեղի ունեցաւ. ամերիկացին աչքը դրաւ Վենեզուելայի ծանր քարիւղին վրայ` զայն իր ձեռքը առնելու համար, իսկ մասնակին այն է, որ իսրայէլեան յարձակումներու տակ կ՛ապրինք»:

«Երբ զինադադարի համաձայնութիւնը մշակեցինք, պնդեցի, որ անոր գործադրութեան երկու երաշխաւորներ ըլլան` ամերիկացին եւ ֆրանսացին: Կը խօսէինք, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը երկու պարտականութիւն ունենայ` հսկողութիւնն ու պատժումը: Անիկա պատասխանատու է համաձայնութեան խախտման փաստագրութեան, սակայն նաեւ զայն չգործադրողին համաձայնութեան գործադրումը պարտադրելուն», նշեց խորհրդարանի նախագահը:

 

 

Leave a Comment