«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի 2025-2026 Տարեշրջանի Աշակերտական Առաջին Բանավէճը

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի 2025-2026 տարեշրջանի առաջին հանրային բանավէճը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ին, Մեսրոպեան վարժարանի սրահին մէջ` երկու նիւթերով:

Նիւթ Ա.

«Կերպընկալի (փլասթիք) արտադրութիւնը պէտք է արգիլուի բնապահպանման համար»:

Թեր` Յովիկ Փոլատեան (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար), Էլենա Ապուրժէյլի (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար), Հրակ Փամպուքեան (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար):

Դէմ` Մարիա Ճիկերեան (Մեսրոպեան բարձ. վարժարան), Ալեքս Պաղճեան (Մեսրոպեան բարձ. վարժարան), Լեթիսիա Փաչանեան (Սրբ. Հռիփսիմեանց վարժարան):

Նիւթ Բ.

«Հայկական վարժարան յաճախելը անհրաժեշտ է սփիւռքի մէջ հայ լեզուն պահելու համար»:

Թեր` Սագօ Պոյաճեան (Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան երկ. վարժարան), Անթոնի Սահիունի (Ազգային Միացեալ վարժարան), Բիւզանդ Արսլանեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձ. վարժարան):

Դէմ` Վահան Քէօրիւքեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Լիբանան), Սիւզան Պերեճիքեան (Հայ աւետ. երկ. վարժարան, Այնճար), Քլարիթա Մելքոնեան (Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան երկ. վարժարան):

Իւրաքանչիւր բանավէճի աւարտին դատական կազմը, որ բաղկացած էր Լուիզա Պապոյեանէն, մեթր Լորա Մերթխանեանէն եւ Ռաքէլ Քէչէճեանէն, արժեւորեց մասնակիցներուն ներկայացումները եւ տուաւ իր գնահատականն ու կատարեց թելադրանքները:

Այնճարի Ազգային Յառաջ վարժարանի հայոց լեզուի դասատու եւ կրթական մշակ Սալբի Թաշճեան գնահատեց ծրագիրը եւ անդրադարձաւ հայ ինքնութիւնը պահելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ պայքարելու` ի խնդիր հայոց լեզուի պահպանութեան:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան գնահատեց մասնակիցներուն աշխատանքը եւ յորդորեց` ջանք թափել եւ պատրաստուիլ յառաջիկային առաւել եւս ինքնավստահ եւ պատրաստուած բանավէճեր վարելու:

Ապա մասնակիցները համախմբուեցան «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին մէջ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը, որ իւրաքանչիւրին նուիրեց Հայերէն պատմութեան գիրք մը եւ այբուբենով տպագրուած բաժակներ:

Jinishian Memorial Association- Lebanon

Leave a Comment